Վազգեն Շուշանյան
Յուսահատուիւն
Շընորհապարտ եմ նոյնիսկ` ինծի տրուած այս քիչին,
Այս ցուրտ լոյսին համար, որ կեանքիս վըրայ կը ծագի:
Հոգիս խոնջ է այլեւըս այս աղմուկէն անյարկի
Ու տենչանքիս սիւները գըլխուս վըրայ կը փըլչին:
Կը պաղատիմ ձեռամբարձ` յետին շնորհ մը չընչին, -
Աղքատիկ խուց մը` առանց դուրսը բացուող դըռնակի,
Ուր կարենամ ձեզ ատել, մեռնիլ առանց աղօթքի,
Ուր մենութեան մէջ քակեմ կեանքիս կըծիկը վերջին:
Կըռիւներուն մէջ ձեր բիրտ` տաք արիւնըս թափեցի,
Բաւական ծունկ չոքեցի սուտ կուռքերու ոտքին տակ, -
Այժըմ կ’ուզեմ, որ ինծի ատելութեան շուքը տա~ք:
Կ, ուզեմ, որ ալ չբաշխէ~ք ձեր շընորհները ինծի,
Ոչ մէկ բաժին կ, ուզեմ ալ ձեր գանձերէն անյատակ`
Միայն թէ զիս ազատէք ձեր աշխարհէն բովանդակ:
Յուշատետր. Վազգէն Շուշանեան (1902-1941). Արարատի Վեհափառ Հպարտութիւնն Ու Վահագնի Բոցաշունչ Ցասումը Շնչաւորող Սփիւռքահայը
«Կ՛անցնին բոլոր վէրքերն ու բոլոր յուսահատութիւնները, բոլոր նուաստացումներն ու բոլոր ստրջանքները,- ինչ որ կը մնայ` հայ մանուկն է հայրենի հողին վրայ: Ահա այս պէտք է ըլլայ մեր Ալֆան ու մեր Օմեղան, մեր ճշմարտութիւնն ու մեր արդարութիւնը: Թող այս օտար եզերքներուն վրայ մեր վերջին երգը լռէ յաւիտեանս յաւիտենից, միայն թէ հայ շինականը լուսաբացին կարենայ իր զուարթութիւնը մրմնջել:
«… Կ՛անցնին բոլոր փոթորիկներն ու բոլոր ահագնադղորդ պատերազմները, կ՛անցնին բոլոր հորդաներն ու բոլոր բարբարոսները, կ՛անցնին բոլոր հերետիկոսներն ու բոլոր պզտիկ պարոնները` իրենց սուտ իմաստութեամբ: Հայոց ազգ, քայլերդ դուրս մի՛ նետեր այս աւանդակներէն, այս ծործորներէն ու այս խոպան հողերէն: Եթէ նոյնիսկ բազուկներդ չկրնան հրացան բռնել, մագիլներովդ ճանկէ արդարութիւնդ, եթէ նոյնիսկ ստիպուած ըլլաս անգամ մը եւս ողնաշարդ ծռել, ողջ հասակովդ ընկիր մեր կարմիր հողերուն վրայ: Աւելի լաւ է սողալ այստեղ, քան թէ գլուխ ցցել ուրիշին սահմաններուն վրայ: Ո՛չ մէկ նոր ելք այլեւս այս հողերէն: Ճակատագիրդ հո՛ս է, եւ սրբութիւնդ` հո՛ս, վասնզի հոսկէ է միայն, որ վաղը բոլոր փառքերը կրնան արթննալ եւ բոլոր ցորենները բարձրանալ գեղուղէշ, բոլոր ակօսներէն…»:
1930-ականներուն իբրեւ օրագրութիւն թուղթին յանձնուած այս խորհրդածութիւններն ու անոնց խտացուցած ազգային մեծ պատգամը մենք ժառանգած ենք Վազգէն Շուշանեանէն, որ հայ մտքի ու գրականութեան անմահ մեծերու փաղանգին մէջ իր արժանաւոր տեղը նուաճեց, մեր սերունդներուն գաղափարական ուղին լուսաւորեց եւ ազգային մեր յիշողութիւնը ջերմացուց ամբողջական հայու աւանդին սփիւռքեան ճառագայթումով:
2 յունիսի այս օրը կը լրանայ մահուան 71-րդ տարելիցը արեւմտահայ արձակի բարձրաթռիչ սլացքը, հայ ազգային գաղափարախօսութեան սանձակոտոր թափը եւ դաշնակցական մարտունակութեան անսպառ եռանդը հայոց սերունդներուն բաշխած մեծն Շուշանեանի, որուն ծննդեան 110-ամեակն է այս տարի:
Արդարեւ, 2 յունիս 1941-ին, փարիզեան հիւանդանոցի մը մէկ անկիւնը ծանր թոքատապով անկողին գամուած, Բ. Աշխարհամարտի թոհուբոհը ապրող ողջ աշխարհէն մոռցուած, բայց համայն աշխարհի եւ մարդկութեան, այլեւ ու մանաւանդ Հայաստանի եւ հայութեան ամբողջ հոգը իր վտիտ ուսերուն շալկած` մեր կեանքէն անդարձ մեկնեցաւ Վազգէն Շուշանեան:
Միայն 39 տարի ապրեցաւ Շուշանեան, բայց հայ ժողովուրդի անմահ մեծերու համաստեղութեան մէջ իր արժանի տեղը նուաճեց իբրեւ տաղանդաւոր այն արձակագիրն ու հրապարակագիրը, որ մարմնաւորեց մեր ժամանակներու Առաջին Սփիւռքահայու կերպարը` ամբողջական հայու հաւատարմութեամբ, թէ՛ իր հասարակական կեանքով եւ թէ, մանաւա՛նդ, իր գրական վաստակով:
1902-ին Ռոտոսթօ ծնած եւ մանկութեան ու պատանութեան տարիները աքսորի եւ պանդխտութեան, արեան ու արհաւիրքի ճամբաներուն վրայ մաշեցուցած զգայուն տղայ մըն էր Վազգէն Շուշանեան: Թուրքիոյ գործադրած ցեղասպանական մեծ ոճիրին զոհ գացած իր ընտանիքին եւ հարազատներուն անդարմանելի կորուստը աւելիով ծանրացուց եւ խորագոյն խոց բացաւ հայրենի իր բնօրրանէն արմատախիլ եղած հայ որբի շուշանեանական ներաշխարհին վրայ: Եւ ճակատագիրը ո՛ւր որ տարաւ զինք` Հալէպ, Պոլիս, Հայաստան թէ Ֆրանսա, Վազգէն Շուշանեան ամէնուր երգի վերածեց Հայուն մեծ վէրքը` սփիւռքահայ իրերայաջորդ սերունդներուն ամէնէն փնտռուած եւ սիրուած հեղինակը դառնալով:
Արբունքի տարիքը հազիւ թեւակոխած` ան ցմրուր ճաշակեց Մեծ եղեռնի ահաւորութիւնը. որբացած հասաւ Հալէպ եւ հայու սեւ ճակատագրէն իրեն բաժին ինկած թշուառութիւնն ու տառապանքը կոփեցին Վազգէն Շուշանեանի մէջ վերապրելու անկոտրում կամքը, կեանքի եւ սիրոյ պաշտամունքը, կորսուած Հայաստանը արեան իւրաքանչիւր հիւլէին եւ մարմնի իւրաքանչիւր բջիջին մէջ վերագտնելու եւ ապրեցնելու յեղափոխական ցասումը, բայց յատկապէս` Արարատի վեհութեամբ հպարտ Հայը: Այդ բոլորը եւ փարիզեան ազատութեանց մէջ իր ուղին հարթող Արմատախիլ Հայու երիտասարդական տարերքը հայ գրականութեան մատուցուեցան, բանաստեղծական հմայիչ շունչով, Շուշանեանի «Մթին պատանութիւն», «Առաջին սէրը», «Սիրոյ եւ արկածի տղաքը», «Գարնանային», «Օրերը գեղեցիկ չեն», «Մարդ մը, որ Արարատ չունի իր հոգւոյն խորը» եւ միւս անկորնչելի վիպակներով ու վէպերով:
Վազգէն Շուշանեան պայքարի մարդ էր եւ կրցաւ, իր ուսումնատենչութեամբ ու վերապրումի կամքով, Հալէպի որբանոցային կեանքէն վեր բարձրանալ, զինադադարէն ետք վերադառնալ Պոլիս, ընդունուիլ Արմաշի Գիւղատնտեսական վարժարանը եւ 1920-ին, երբ ամբողջ դպրոցը իր աշակերտութեամբ Հայաստան տեղափոխուեցաւ` Հայաստանի Հանրապետութեան վերջին շրջանին, Շուշանեան իր կարգին անցաւ Հայաստան, ուր եւ մնաց վարժարանի գործունէութեան ութ ամիսներու ընթացքին: Հանրապետութեան խորհրդայնացումէն ետք, արդէն դաշնակցական երիտասարդ գործիչ, Վազգէն Շուշանեան վերադարձաւ Պոլիս, ուր ուսուցչութեան կողքին աշխատակցեցաւ Կոստան Զարեանի եւ Յակոբ Օշականի հռչակաւոր «Մեհեան» գրական պարբերականին:
1922-ին Վազգէն Շուշանեան վերջնականապէս հաստատուեցաւ Ֆրանսա, Փարիզ եւ Մարսէյ` ուսումը շարունակելու նպատակով: Ապրուստն ու կեցութիւնը ապահովելու համար բանուորութիւն ըրաւ եւ սեփական մորթին վրայ զգաց դրամատիրական կարգերու ահաւոր անարդարութիւնը: Վկայուեցաւ Մարսէյի համալսարանէն, բայց կանգ չառաւ ուսումնառութեան ճամբու կէսին: Բարձրագոյն ուսման հետեւեցաւ Փարիզի համալսարանին մէջ, ուրկէ 1930-ին վկայուեցաւ ընկերային գիտութեանց մէջ:
Քսանականները ոչ միայն ուսումնառութեան, այլեւ գրական արգասաբեր ստեղծագործութեան եւ ազգային¬հասարակական ու գաղափարական¬կուսակցական բուռն գործունէութեան եռուն շրջան եղան Վազգէն Շուշանեանի կեանքին մէջ:ՀՅԴ Ֆրանսայի կազմակերպութեան աշխուժ գործիչներէն եղաւ, ուսանող տարիքին իսկ Կ. կոմիտէի անդամ ընտրուեցաւ, 1925-ին միացաւ ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի խմբագրութեան, որ հրատարակութեան իր երկրորդ շրջանը կը սկսէր Փարիզի մէջ` Սիմոն Վրացեանի խմբագրապետութեամբ եւ Շաւարշ Միսաքեանի ու Վազգէն Շուշանեանի իբրեւ օգնական խմբագրի աշխատակցութեամբ:
Հայ ազգային-ազատագրական շարժման գաղափարական աւանդին օտար ափերու վրայ վերաշխուժացման այդ դժուարին շրջանին Շուշանեան հրապարակագիրը ի յայտ եկաւ իր ամբողջ խորութեամբ եւ քննադատական տարերքով:
Յատկապէս ընկերվարական շարժման վերաշխուժացման զուգադիպած այդ ժամանակաշրջանին Շուշանեան ներկայացուց «Դրօշակ»-ն ու Դաշնակցութիւնը Ընկերվար միջազգայնականին մօտ` դառնալով արժանաւոր յաջորդը Միքայէլ Վարանդեանի:
Եւ որքան յառաջացաւ ինքնահաստատման այդ երեք ուղղութիւններուն` գրական ստեղծագործութեան, ընկերային¬գաղափարական հրապարակագրութեան եւ ՀՅԴ կազմակերպչական աշխուժ գործունէութեան ճակատներուն վրայ, այնքան խստապահանջ դարձաւ Շուշանեան ե՛ւ իր անձէն, ե՛ւ իր մտաւորական ու կուսակցական շրջապատէն:
Հայրենի հողէն պոկուած արմատախիլ հայն ու ֆրանսական ազատութեան մէջ կազմաւորուած սփիւռքահայը եզակի դաշնադրութիւն մը յառաջացուցին Շուշանեանի մտածողութեան եւ ստեղծագործական տարերքին մէջ:
– Նոր հայու ինքնահաստատումը դարձուց կիզակէտը իր կեանքին ու բոցաշունչ ներաշխարհին:
– «Նահանջը առանց երգի» ապրող զինաթափ Շահնուրին հակադրեց «իր հոգւոյն խորը Արարատ ունեցող Մարդու» շուշանեանական հերոսականութիւնը:
– Քաղքենիութեան անձնատուր եւ յանուն նիւթապաշտութեան «ֆրանսացի» դարձած հայուն հակադրեց աշխատաւոր մարդկութեան մեծ ընտանիքին եւ անոր մարտունակ պայքարին մէջ իր ազատագրման ուղին գտած յեղափոխական հայը:
– Տարագրութեան դատապարտուած Դաշնակցութեան կազմակերպական ղեկին կանգնած պահպանողական գործիչներուն հակադրեց աղբիւր սերոբներու յեղափոխական խստապահանջութեան նոր ուղիներ հարթող դաշնակցականի իր հերոսը:
Հետեւանքը տխուր պատմութիւն է, բայց` երբեք ողբալի: Վազգէն Շուշանեան ամբողջ էութեամբ մխրճուեցաւ կուսակցական ներքին պայքարներու մէջ: Թէեւ հետագային անդրադարձաւ եւ շատ արագ ու կտրուկ սրբագրեց իր մոլորանքը, բայց Շուշանեան եղաւ նաեւ առաջին սփիւռքահայը, որ զոհ գնաց խորհրդային իշխանութեանց շղթայազերծած հակադաշնակցական պայքարին, որ Դաշնակցութեան ներքին պառակտումը հրահրելով` հետամուտ էր տարագիր ողջ հայութիւնը համայնավարութեան ձեռքին արտասահմանեան խաղաթուղթի վերածելու սադրանքին…
Շուշանեան գլխաւորողներէն մէկը եղաւ Դաշնակցութեան ղեկավար մարմիններուն դէմ պայքարի ճակատ բացած «Մարտկոցական» շարժումին, որ իր անունը ստացաւ 1932-ին Փարիզի մէջ իր հրատարակութիւնը սկսած «Մարտկոց» թերթէն: Թէեւ նոյնինքն «Մարտկոց»-ի էջերէն Շուշանեան միշտ նախանձախնդիր եղաւ, որպէսզի ղեկավար դաշնակցականներու դէմ ուղղուած իր կատաղի յարձակումները չծառայեցուին ըստ էութեան Դաշնակցութեան դէմ. այդուհանդերձ, համայնավարական սադրանքը պատմական նենգափոխութեան մեծ ներուժ ունէր եւ կրցաւ ըստ ամենայնի Դաշնակցութեան դէմ պայքարի գերին դարձնել «Մարտկոցական» շարժումը` ծանրագոյն հիասթափութեան մատնելով Շուշանեանի օրինակով Անկեղծ Զինուորները:
Իր կեանքի վերջին տարիներուն Շուշանեան լրիւ քաշուեցաւ ազգային-հասարակական աշխուժ գործունէութենէ: Ուսուցչական պաշտօն ստանձնեց Ֆրանսայի կորսուած մէկ շրջանին մէջ, ապրեցաւ ծայր աստիճան թշուառ պայմաններու տակ, բայց իր հոգւոյն խորը Արարատ ունեցող սփիւռքահայու հպարտութեամբ, շարունակեց ստեղծագործել: Գրեց մանաւանդ իր հռչակաւոր «Օրագիր»-ը, որ աւելի քան յիսուն տարի հոս ու հոն շրջագայելէ ետք լոյս ընծայուեցաւ` սերունդներուն ժառանգ յանձնելու համար ամբողջական հայու եւ առաջին սփիւռքահայու եզակի կերպարին` մեծն Վազգէն Շուշանեանի ազգային-գաղափարական կտակը:
Թոքատապի անակնկալ սաստկացումը, 1941-ի յունիս 2-ին, մահացու եղաւ Վազգէն Շուշանեանին համար: Վախճանեցաւ Հայաստանի եւ հայկական յեղափոխութեան բոցաշունչ երգիչը, որ դժբախտ եղաւ նաեւ իր մահով, որովհետեւ չունեցաւ շիրիմ եւ թաղուեցաւ հասարակաց գերեզմանի մը մէջ:
Եօթանասունեւմէկ տարիներ անցած են իր վաղահաս մահէն ասդին, եւ որքան ժամանակը թաւալի, այնքան կը բարձրանայ մեծութիւնը Վազգէն Շուշանեանի` Արարատի վեհաշուք հպարտութեամբ եւ Վահագնի բոցաշունչ ցասումով:
Կը վերանորոգուի իր ներշնչած պաշտամունքը` հայրենի հողին ու բնութեան հանդէպ, որուն ամբողջ գեղեցկութիւնը Շուշանեան բիւրեղեայ արեւմտահայերէնով աւանդ յանձնեց մեր սերունդներուն.
«Հովը դեռ ցուրտ էր երէկ, այլ յանկարծ այս առաւօտ
Գարնան ջինջ շունչը լեցուց պարտէզ,
ճամբայ ու անդեր,
Ու բողբոջները բոլոր պատռեցան
ինչպէս վարդեր
Ու յորձանքով պայթեցան ծիլ, շաքիլ,
ճիւղ ու ծղօտ:
Ահա քնքուշ ու դեղին հրանուկներն առաջին,
Ահա տերեւք ցօղաթուրմ հազիւ կճեպը խզած
Ու նորաբոյս խոտերուն, ճղիկներուն վրայ թաց`
Ահա համբոյրը անուշ արփւոյն մոլոր ճաճանչին:
Երկիրն յղի էր անշուշտ,- որովայնին խորը սուրբ
Գարունն հանդարտ կը ննջէր` խմելով աւիշը յուռթի,
Որ այժմ ողջ գիւղին վրայ ալեկոծեալ կը յորդի:
Ողջո՜յն գարնան զարթօնքին,- որքա՜ն սարսուռն է իր նուրբ
Մեր արեան մէջ ու որքա՜ն բուրաւէտ են իր հովերն
Ու ի՜նչ սիրով կը հնչէ իր առաջին հրաւէրն»:
Կը վերանորոգուի, մանաւա՛նդ, հայոց լեզուին եւ հոգեմտաւոր ժառանգութեան անկորնչելի գանձերուն փարելու շուշանեանական հպարտութիւնը, որ յաւիտեան պիտի պատգամէ.
«Հայո՜ց լեզու, որքա՜ն կը սիրեմ քեզ: Ո՛չ մէկ աղջիկ երկրի վրայ կրնայ պարծենալ, թէ այդքան խանդաղատանք, այդքան գորով, այդքան աղապատանք ստացած է ինձմէ: Հաւատարմութիւնը, որ կը զգամ քեզի հանդէպ` աւելի՛ զօրաւոր է, քան մեր այս եղկելի կեանքը: Կ՛ուզէի քեզ սորվիլ մինչեւ վերջին վայրկեանը,- քու յետին շեշտերդ ու քու յետին բառերդ: Քու ներքին երաժշտութիւնդ ու քու գծած ճամբադ` պատմութեան մէջ: Դուն, որ մեր աղօթքն ես ու մեր հաճոյքը,- հայո՜ց լեզու, կը սիրե՛մ քեզ»:
ardziv.com
lib.mindiaspora.am
lib.mindiaspora.am
lib.mindiaspora.am
Ո՞վ է մտավորականը
Մտաւորականութեան սահմաններուն կրնայ մօտենալ այն անհատը միայն որ,-
ա) Օժտուած է բարձր իմացական յատկութիւններով, որ ստեղծագործ իմացականութեան նշոյլ մը ունի իր ճակտին ետեւ:
բ) Որ անընդհատ ու անընդմիջաբար, մնայուն ճիգով մը, կը գործածէ իր իմացականութիւնն ու տաղանդը յանգելու, համար մշակութային ու քաղաքակըրթական բարձր աստիճանի մը, իւրացնելով ինչ որ ստեղծուած է իրմէն առաջ:
գ) Որ անշահախնդիր կրքով մը` իր իմացականութիւնն ու տաղանդը, իր մտքի պաշարն ու իր անձը` ի սպաս կը դնէ մարդկային կեանքը շահագրգռող որեւէ գործունէութեան մը:
դ) Որ մարդկային մնայուն շահերուն համապատասխանող կեանքի ընդհանուր ուղղութիւն մը ունի, որ կը յառաջանա որոշ գծէ մը` հաւատարիմ մնալով ոչ միայն իր էութեան, այլեւ պատշաճեցնելով զայն այն գաղափարական ընտանիքին գահերուն, որուն դրօշին տակ կը կռուի:
ե) Որ նկարագիր ունի, ընդունակ է իր անձնական պզտիկ շահերը վտանգի տակ դնել` պաշտպանելու համար իր գաղափարները, որ կրողն է որոշ անհատականութեան մը:
զ) Որ իր էութեան էն նուրբ թելերով կը պատկանի ազգային հաւաքականութեան մը ու կ’արտայայտէ զայն, անոր մարդկային լինելութեամբ:
Ահա այն դասախօսութիւնը, որ պիտի ուզէի կարդալ, եթէ դասախօս ըլլայի` որեւէ հայ երկրորդական վարժարանի աշակերտներուն:
Օրագիր
(Հատուածներ)
Ութը փետրուար 1940
Ոտքի ելայ, մարեցի լոյսս, փեղկերը բացեցի ու կռթնեցայ պատուհանի բազրիքին: Կրնայի՞ երբեւիցէ մտածել թէ այսպէս մարդ մը պիտի ըլլայի, կ, ըսէի մտովի: Բոլոր կեանքիս արմատները խրած են անցելոյն մէջ ու ակնարկս իսկ` միշտ ետ կը նայի: Բնախօսական ունակութեան մը վերածուած է այս միտումը մօտս Ապագան կարծես գոյութիւն չունենայ ու ներկան հազիւ թէ կը շահագրգռէ զիս: Անմիջապէս որ ինքս ինձ հետ մնամ` կը վերադառնամ խուճապահար տղու մը պէս անցելոյն: Ու ողջ անցեալը վերակազմած եմ` համաձայն քմայքիս: Այն բոլոր էակները, որ կը շարունակեն բաբախուն ներկայութեամբ մը ապրիլ հոն, արտակարգ լուսաւորումի մը տակ պայծառացած են: Եթէ գրիչս ձեռք առնեմ պատմելու համար այս ամենօրեայ վերադարձս, հաւատացած եմ թէ մարդիկ գրական երեւակայութեանս պիտի վերագրեն ատիկա: Բոլոր արարքներուս ծածուկ շարժառիթները անցեալէն կուգան: Կեանքս անցելոյն մէջ է:
***
Գիշերուան այդ ժամուն, կռթնած պատուհանի բազրիքին` կը վերյիշէի տասնըեօթը տարիներու կեանքս եւ ես իսկ կ, ապշէի` ամէ՛ն քայլի հանդիպելով նոյն սահմռկեցուցիչ անփութութեան: Ապրած էի` կարծես թէ անտեսելով ապագան, առ ոչինչ համարելով ծերութիւնը, ոչ՛ մէկ ապահովութիւն ու ոչ՛ մէկ երդիք որոնելով: Իրողութեան մէջ որեւէ հաճոյքի առջեւ իսկ երկար կանգ չէի առած: Ո՛չ հարստութիւն, ո՛չ դիրք, ո՛չ հանգստութիւն եւ ո՛չ իսկ որեւէ մնայուն գործ որոնած էի:
Ո՞րն էր կեանքիս բնորոշ գիծը: Ընդամէնը երկու կիրք կը նշմարէի կեանքիս մէջ, - ծառայութեան յամառ ոգին ու գրականութեան սէրը: Ու հոգւոյս խորը մարդիկը անարժան կը համարէի բարեկամութեան, որովհետեւ չէին զգար թէ փառասիրութիւնս ազնիւ էր ու ի՛նչ որ կեանքէն կը սպասէի հասարակ հաճոյքներ չէին: Բայց այս յեղակարծ գորովը ինքզինքիս հանդէպ կը նեղէր զիս: Կ, ըսէի ահա՛ երկիրը կը սարսի իր խարիսխէն ու դուն կեցած պատուհանի մը առջեւ վերստին կ, ապաւինիս անցեալին` անկարգ ու անիշխանական կեանք մը արդարացնել ճգնելով: Արդարացման ճիգը միշտ կ, ընկերանայ յանցանքի նախազգուշացման: Ու չե՞ս գիտեր միթէ, որ արժանի պէտք է ըլլալ ամէ՛ն սիրոյ ու ամէ՛ն հաւատարմութեան: Ամէ՛ն սէր ու ամէ՛ն գորով յաղթանակ մըն է կեանքի բացասական ուժերուն վրայ:
***
Եթէ կարելի ըլլար կեանքը վերսկսիլ, պիտի ուզէի՞ միթէ տարբեր ընթացք մը տալ այս օրերուն: Շուրջ տասնըհինգ տարիներէ իվեր կ, ապրէի համաձայն ներքին պայծառութեանս` ո՛չ ոքէ ոչինչ ակնկալելով, որոնելով ճշմարտութիւնս հոգւոյս խորն իսկ: Ի՛նչ որ փորձառութիւնը սորվեցուցած էր ինձ` քիչ մը աւելորդ ճարտարութիւն էր ի խնդիր կեանքի հարուածներու շեղումին: Վտանգին հետ սկսած էի խարդախել: Այդ փորձառութիւնը, իրողութեան մէջ, թակարդ մըն էր միայն: Ո՛չ ոք կրցած էր էական փոփոխութեան ենթարկել ինձ: Սէրն իսկ, որ ամէ՛ն հանդիպումի, ուժգնօրէն կը ցնցէր զիս, ուշ կամ կանուխ կը հաշտուէր կեանքիս երեւութական անկարգութեանը ետին ծածկուած հիմնական բրտութեան հետ: Ո՛չ նահանջ գիտցած էի, ո՛չ ալ պատեհապաշտութիւն: Մարիան էր, որ իրաւունք ունէր, երբ կ, ըսէր թէ` ներքին չափս չէր յարմարէր կեանքին: Որքա~ն յաճախ կը դիտէի ու պակաս կը գտնէի զանոնք: Ու այս խստութիւնը արդիւնքը չէր ընդոծին հպարտութեան մը ու ո՛չ իսկ արտակարգ ինքնվստահութեան: Ու իրողութեան մէջ` հոգիս ո՛չ մէկ յամառ արհամարհանք, ո՛չ մէկ ոխակալ քէն ճանչցած է: Կշռելու խնդիր էր: Կեանքն ու մարդիկը: Արդարութեամբ դատելու զանոնք: Կեանքի մէջ կը վրիպի ան, որուն փառասիրութիւնները սահմանափակ են, իրագործելի, ընթացիկ չափի վրայ: Բայց մէկը, որ աստղերը կ, ուզէ իր հոգւոյն կողովին մէջ հաւաքել, երբեւիցէ կրնա՞յ զրկուիլ միթէ կեանքի հրճուանքէն: Իւրաքանչիւր ձախողութիւն աւելի կը լուսաւորէ երկինքը: Կեանքին կրակը անընդհատ նոր սաստկութեամբ կը վառէ զինքը: Ամէ՛ն գարուն կը հրկիզէ իր արիւնը: Ու երբ ներկան չյագեցնէ իր ծարաւը, կ, ապաւինի անցելոյն, վասնզի իր ակնարկը յիշատակներուն նոր գեղեցկութիւն մը պարգեւելու մոգութիւնը գիտէ: Կեանքի մէջ կը վրիպի ան, որ կ, ուզէ իր մագիլներով ճանկել ի՛նչ որ շօշափելի է ու ի՛նչ որ մոխիր կը ձգէ, ի՛նչ որ կը հիննայ ու ի՛նչ որ կը սպառի: Մինչդեռ տենչանքներ կան` որ արծաթածագ ծառերու պէս ամէ՛ն առաւօտեան կը նորոգուին:
***
Առաւօտը զիս գտաւ այդ պատուհանին առջեւ` գրեթէ թեթեւ:
(Արտատպուած` «Հայրենիք» ամսագիր, Բոստոն, թիւ 6, նոյեմբեր-դեկտեմբեր 1942):
Ի լուր արտույտին, որ կերգե բարձրը...
Հատված Վազգեն Շուշանյանի
« Ներքին դաշտանկար » ստեղծագործությունից
Դալարագեղ մանկություն, այս է ահավասիկ ուրախությունը:
Ահա կրկին փոփոխություն է եղանակի ու արյունս, ինչպես ամեն տարի, գարնան առաջին ամսուն, խենթացած է իր բերկրութենեն: Հիշատակն իսկ նորածին ուլերուն, մաքիներու հղի աչքերուն, ուր կը զգայիր աղապատանքը նորածագ մայրության մը, կովերու բառաչին եղերական փողոցներու մեջ ու ցորենի բարձրացող ծիլերուն, կը բավե, որպեսզի պոռալու խելագար ծարավ մը պատռե կոկորդս:
Որքան մերձ, անմիջական ու քաղցր ես, դալարագեղ մանկություն: Կըսեմ ահա փոփոխություն է եղանակի ու արյունս քեզ զորությամբ կը հիշե: Ահա գյուղաքաղաքը կը զարթնու կրկին, առավոտյան կապույտ մշուշին մեջ ու դուն կը հետևիս կիրակի առավոտով, արորին լուսացայտ հետքերուն:
Արտի եզերքի դալարիքներուն վրա սարյակները խենթ ճիչերով գարնան հաղթանակը կերգեն: Ամբողջ հողը կը ծխա, զի նորազարթ արեգակը շեշտ իր ճառագայթները կը խրե մայր երկրին ծոցը: Եզներու պիրկ ու քաջ գավակները կը պրկվին այդ հրաշալի ճիգեն ու ակոս առ ակոս երկիրը կը պատռվի: Վայրկյաններ կան, որ այդ բարի անասուններուն ողնասյունը կը կորանա, որովհետև ծանր է հողին բեռը ու հողին շողուն շերտերին մեջ՝ խոփին ցոլացող դանակը կը հանդիպի շնատամի աներես արմատներու:
Գնա՛, գնա՛, դալարագեղ ու ապերասան մանկություն, հանգստի ժամին մանուկ ափերդ դիր եզներու հևացող թիկունքներուն ու զգա անոնց գաղջ քրտինքը: Տե՛ս ինչպես անոնց ռնգունքը խոնջենքեն կը հևան, ռնգածակերը շոգի կարձակեն: Դիտե անոնց վեհափառ ու ծանր գեղեցկությունը արտին մեջ: Ահա՛ ծառերը, իրենց ամբողջ հասակներով, կը կործանին անոնց աչքերուն խորը ու ամբողջ դաշտանկարը կը զգենու մանրանկար ջրանկարի մը սահուն ու կարծես թրջած գեղեցկությունը: Գնա՛, գնա՛, դալարագեղ մակություն, խոպան մնացած արտերուն եզերքը կարթննան առաջին ծաղիկները: Ափդ դի՛ր հողին վրա ու զգա անոր գաղջ լիությունը: Պառկած փորի վրա, դեմքդ քսե ցողաթաթախ խոտերուն ու մի վարանիր կրծել նորածիլ ծաղիկները, ինչպես ճագարը, որ կը դեգերի հանդերն ի վար: Ինչպես բարկ է համը խոտի այդ քնքուշ թելերուն ու ինչպես ահա մարմինդ կը զգա հողին ուրախությունը, որ կը զարթնու, կաճի, կը բռնվի երկունքի ու հուսկ ահա կը պայթի ծաղիկներով:
Ահա՛ ասիկա է ուրախությունը, դալարագեղ ու ապերասան իմ մանկություն: Անդամներդ կը զգան զով հաճույքը երեկ գիշերվան անձրևին, երբ հովը կը գրկե քեզ: Ու հետո, երբ միջօրեի արևը կը շռայլե իր ջերմությունը, արյունդ կը տաքնա, կըմբոշխնե այդ հեղուկ երջանկությունը, ինչպես սկյուռը մեր տան պատին վրա: Այժմ տխուր ու հուսահատական է երկիրը այս քաղաքին մեջ: Ահա շաբաթներե ի վեր՝ ձեռքերդ չեն հպած արթուն, սիրելի, կանաչ բանի մը: Օ՜, դալարագեղ մանկություն, ըսե՛, ինչպե՞ս կրնաս սիրել իրենց ծղոտներեն փրցված ու ջերմանոցային այս հիվանդ ու ցուցամոլ ծաղիկները, որ ծառուղիներու վրա դրամով կը ծախվին: Ըսե՛, ինչպես կրնաս հպիլ ծեր ու տրտում ձիուն, որ վաղ առավոտյան որևէ աղբակառք կը տանի այս խոնջ ու ապառողջ պողոտաներեն: Ըսե՛, ինչպե՞ս կրնաս սիրել այս գեշ ու թունավոր հովը, որ կը հավաքե քաղաքի ամբողջ փոշին, ծխնելույզներու ծուխը ու աղքատ տուներու ծանր շունչը:
Վերադարձի՛ր քու դալարիքներուն, հողին ու բոլոր շնչող, աճող ու գեղեցիկ բաներուն: Ու երբ հասնիս արտին եզերքը՝ ի լուր արտույտին, որ կերգե բարձրը, գարնան գեղածիծաղ հաղթանակը, ձայնդ ձգած կանչե՛ ընդհանրական ուրախության գալուստը ու ցնծա՛, խատուտիկ ուլերուն հետ, արոտատեղիներուն վրա, կայթե՛ ու պարե՛՝ դալարագեղ, դալարագեղ իմ մանկություն...