Սիամանթո
Մահուան տեսիլք
Կոտորա՜ծ, կոտորա՜ծ, կոտորա՜ծ…
Քաղաքներուն մէջ եւ քաղաքներէն դո՛ւրս,
Եւ բարբարոսներն արիւններով կը դառնան,
Մեռելներուն ու ոգեվարներուն վրայէն,
Ագռաւներու բազմութիւններ կ՚անցնին վերերէն,
Արիւնոտ բերաններով ու գինովի քրքիջներով…
Ցամաքահով մը կիսամեռները զայրոյթով կը խեղդէ,
Ու պառաւներու անձայն կարաւաններ
Շտապով կը փախչին լայն ճամբաներէն…։
Գիշերին մէջէն արիւններուն ալիքը կը բարձրանայ,
Ծառերուն հետ շատրուաններ ուրուագծելով,
Ու ամէն կողմէ սոսկումով կը սուրան հալածուած՝
Նախիրները հրդեհուող ցորեաններուն մէջէն…
Փողոցներուն մէջ մորթուած սերունդներ կը տեսնեմ
Եւ ամբոխներ անպատմելի սրածութենէ դարձող,
Արեւադարձային տաքութիւն մը կը բարձրանայ
Հրդեհի տրուած ազնուական քաղաքներէն…
Ու մարմարի ծանրութիւնով իջնող ձիւնին տակ
Աւերակներուն եւ մեռելներուն մենութիւնը կը մսի.
Օ՜, մտիկ ըրէ՜ք սա սայլերուն ճռնչիւնն ահաւոր,
Իրենց վրայ դիգուած դիակներուն տակ,
Ու սգաւոր մարդերուն աղօթքներն արցունքոտ,
Որ կածանէ մը դէպի համայնափոսերը կ՚երկարին.
Մտիկ ըրէ՜ք հոգեվարքներուն ձայները վերջին,
Հովին հարուածներուն մէջ, որ ծառերը կը ջարդէ,
Օ՜, մի՛ մօտենաք, մի՛ մօտենաք, մի՛ մօտենաք,
Չըլլայ որ մօտենաք գերեզմանոցներուն եւ ծովուն,
Կարմիր ջուրերուն վրայ նաւեր կը նշմարեմ հեռուն,
Մեռելներու կուտակումներ անոնց մէջ կան,
Ու ցաւէն գալարուող ալիքներուն վրայ
Գանկեր ու սրունքներ ինծի կ՚երեւան…
Մտիկ ըրէ՜ք, մտիկ ըրէ՜ք, մտիկ ըրէ՜ք
Փոթորիկին գոչը ծովուն ալիքներուն մէջ,
Կոտորա՜ծ, կոտորա՜ծ, կոտորա՜ծ…
Մտիկ ըրէ՜ք, մտիկ ըրէ՜ք, մտիկ ըրէ՜ք
Մահաձայն ոռնումը զարհուրեալ շուներուն,
Հովիտներէն ու գերեզմաններէն ինծի հասնող,
Օ՜, պատուհանները փակեցէ՛ք ու աչքերնիդ ալ,
Կոտորա՜ծ, կոտորա՜ծ, կոտորա՜ծ…։
Թաղում
Յուսահատօրէն ու պանդխտօրէն անտառը վերադարձայ
Իմ վախճանած բարեկամս համբուրելու համար,
Ու բոլոր եղնիկներուն ու կարապներուն հետ,
Որ լիճերուն ու հոգիիս տխրութիւնը կը հասկնան,
Թաղումը ըրինք բարեկամիս, ձմրան կէս գիշերի մը մէջէն…
Օ՜, իր մարմինը ո՜րչափ ծանր էր իմ՝ կեանքէն յոգնած ուսերուս համար,
Ու Մահը ո՜րչափ հեռու իմ այլաբաղձութիւնով իրեն կարկառուող տղու աչքերէս…
Աստուածային ու անբասիր կարապները թաղումը տօնեցին,
Ու ես եղնիկներուն հետ տաժանագինօրէն գերեզմանը փորեցի,
Անտառին բոլոր ծառերը յուղարկաւորներ եղան…
Ու մահուան հովը՝ անոնց անծանօթ ու երկաթեայ բուրվառը…
Ու մօտաւոր ու հեռաւոր քաղաքներուն բոլոր մահազանգերը նուիրական,
Երկարօրեն, մահագուժօրեն ու բարեպաշտօրէն,
Արեւէն այրի ու ամայի գիշերին մէջ ըսին թէ՝
Բարեկամ մը անտառներու եղնիկներուն ու լիճերու կարապներուն
Ու երկայն ու ահաւոր ծառերուն ու հովերուն հետ,
Երկիւղածութիւնով իր բարեկամը կը թաղէ։
Գիտէք թէ հեռաւոր ու մօտաւոր քաղաքները բոլոր
Օրերուն ու մարդերուն ոճիրներէն քանդուեցան,
Կարապներն ու խարտեաշ եղնիկները հովերուն մէջ խեղդուեցան…
Զանգակներ հին եկեղեցիներու փառքերուն հետ լռեցին,
Բայց իմ հոգիս, բայց իմ սգաւոր հոգիս,
Այս բոլորին թաղումներէն ու մահացումներէն վիրաւոր՝
Անտառներուն սարսափին մէջը բանտարկուած մնաց…
Ափ մը մոխիր, հայրենի՜ տուն
Ա
Աւա՜ղ, ապարանքի մը պէս մեծ էիր եւ շքեղ,
Ու ես՝ երդիքներուդ սպիտակ կատարէն,
Աստղածորան գիշերներու լոյսին հետ,
Վարէն, ահեղավազ Եփրատին կ՚ունկնդրէի…։
Բ
Արցունքո՜վ, արցունքո՜վ լսեցի որ աւերակ առ աւերակ
Քու լայնանիստ պատերդ իրարու վրայ կործանեցին,
Սարսափի օր մը, կոտորածի օր մը, օր մը արիւնի…
Զքեզ եզերող պարտէզիդ ծաղկըներուն վրայ։
Գ
Ու մոխրացա՜ւ այն սենեակը կապոյտ,
Որուն որմերուն ետեւ եւ գորգերուն վրայ
Իմ երջանիկ մանկութիւնս կը հրճուէր,
Եւ կեանքս կ՚աճէր եւ հոգիս իր թեւերը կ՚առնէր…
Դ
Փշրեցա՞ւ, ուրեմն, այն հայելին ոսկեծիր,
Որուն եթերային խորութեանը մէջ
Երազներս, յոյսերս, սէրերս եւ կամքս կարմիր,
Տարիներով, մտածումիս հետ, ցոլացին…։
Ե
Ու բակին մէջ երգող աղբիւրը մեռա՞ւ,
Ու կոտրեցա՞ն պարտէզիս ուռին ու թթենին,
Եւ այն առուակը, որ ծառերուն մէջէն կը հոսէր,
Ցամքեցա՞ւ, ըսէ՛, ո՞ւր է, ցամքեցա՞ւ, ցամքեցա՞ւ…
Զ
Օ՜, այն վանդակին կ՚երազեմ յաճախ,
Որուն մէջ գորշագոյն կաքաւս, առաւօտուն,
Արեւածագին հետ եւ վարդի թուփերուն դիմաց,
Զարթնումի ժամուս՝ յստակօրէն կը կարգճէր…։
է
Հայրենի՜ տուն, հաւատա՛ որ մահէս յետոյ,
Քու աւերակներուդ սեւին վրայ իմ հոգիս
Պիտի գայ, որպէս տատրակ մը տարագիր,
Իր դժբախտի երգն եւ արցունքը լալու…։
Ը
Բայց ո՜վ պիտի բերէ, ո՜վ պիտի բերէ, ըսէ՛,
Քու սրբազան մոխիրէդ ափ մը մոխիր,
Մահուանս օրը, իմ տրտում դագաղիս մէջ,
Հայրենիքս երգողի իմ աճիւնին խառնելու…
Թ
Ափ մը մոխի՜ր աճիւնիս հետ, Հայրենի՜ տուն,
Ափ մը մոխի՜ր քու մոխիրէդ, ո՜վ պիտի բերէ,
Քու յիշատակէ՜դ, քու ցաւէ՛դ, քու անցեալէ՜դ,
Ափ մը մոխիր… իմ սրտիս վրան ցանելու…։
Յոգնութիւվն
Հոգիիս վրայ լուսինը կը ձիւնէ…
Օ՜, դէպի Խաւարներն ու Մոռացումը քալէ՛,
Ո՜վ յոգնած ու դանդաղ ու ծանր ուխտաւոր,
Աղբիւրներու սա՛ պայծառ տղուն հետ առանձին.
Ան հոնտեղերը մարմարէ մեհեաններ գիտէ,
Ուր հինաւուրց աստուածները՝ ազնուօրէն զօրաւոր,
Քու յոգնութիւնդ կը հասկնան…
Ու մարդկօրէն անոր մեծ ցաւը կ՚ապրին…։
Աւա՜ղ, մինչեւ ե՞րբ մեր մարմինները տարփաւոր
Այսչափ տենդօրէն պիտի գալարուին…
Դէպի փայտէ դագաղները դարաւոր՝
Յաւիտենական ու ապարդիւն կեանքին,
Վերջապէս իրիկուն մը մխրճուելու համար…
— Թէեւ այնչա՜փ չարաշուքօրէն —
Արհաւիրքով լեցուն, բայց փրկարար ծոցը հողին։
Գիտեմ, սքեմիդ մէջի վանականի իրանդ ոսկիէ
Շատ ապրած Աստուածի մը խոնջէնքն ունի.
Ուրեմն եկո՛ւր սա խարտեաշ ու խորունկ ու լուռ ու մերկ հարսներէն լեցուած՝
Մեր գինիի նուիրական սափորն ա՛լ վար դնենք,
Թէեւ ան մեր երգերուն խենթութիւնը կ՚ըլլար…
Ու այն բոլոր արշալոյսէ ծաղիկները, որ քաղեցինք,
Անկարելի պաշտամունքին համար…
Այս բոլորը ձգենք, մեր կուրծքերուն ադամանդէ խաչերուն հետ,
Ո՜վ բարեկամ ու բախտակից ու հոյակապ քրմապետ,
Այնպէս չէ՞, ես ալ այս բոլորը ճանչցայ,
Քեզի հետ ա՛յնչափ ապարդիւնօրէն,
Իմ սիրահար տղու խօլաթեւ իրիկուններուս մէջէն,
Յոգնած եւ արիւնոտ ճակատիս դիմաց, անհունօրէն, առ յաւէտ…։
Ու արդէն աւազներու մոգերն աստղերուն տակ ըսին թէ
Հողին բոլոր գինիները ա՛լ մոլախինդ պիտի ըլլան,
Ու բոլոր կապոյտ շուշաններն ալ ձեր Յոյսի ծաղկանոցին,
Ամենը մէկ, յանկարծօրէն ագռաւներու պիտի փոխուին…
Ու յետոյ գիտես որ բոլոր օձերը փեթակներուն տակ,
Մեզի համար այն սե՜ւ անձրեւներէն ի վեր, հիմակ,
Մահագուժօրէն վաղուան մեղրը կը պատրաստեն,
Ու դեռ կարծեմ թէ գետնափորներուն մէջ է որ
Բոլոր բրուտները, մեռելներու հողերէն,
Ո՞ր ժամանակէն ի վեր ապրողներուն համար մինչեւ այսօր
Ջուրի կուժեր կը շինեն…
Ու այն լամպարը, որով Ցնորքը կը հսկենք մեր կտաւէ վրանին տակ,
Ահաւասի՛կ, քեզի կ՚ըսեմ, Արշալոյսէն դեռ շատ առաջ պիտի մարի…։
Օ՜, թեւդ թեւիս անցո՛ւր ու խարխափելէն քալէ՛,
Ո՜վ ծանր ու դանդաղ ու յոգնած ուխտաւոր,
Որովհետեւ վաղորդայնը անգթօրէն սուտ է…
Ու մեր զգայախաբի ոտուըներն ալ յոգնած,
Կեանքին մինչեւ Իրիկունները երթալու համար։
Դէպի խաւարն ու Մոռացումը թափանցէ՛,
Ջուրերու երիտասարդ զաւակին հետ առանձին,
Ու քու տարագիր ճամբորդի տառապանքդ բոլոր
Ու այն աղջամուղջի դարերը, զոր օրերն ուսերուդ վրայ հարկեցին…
Այդ բոլորը ամէնը մէկ ինծի տո՛ւր…
Ու միսիդ պատանքներն ալ հոգիիս վրան նետէ՛…
Թեւդ թեւին անցո՛ւր ու քալէ՛ Ցաւին հետ հայրօրէն,
Անոր վիրաւոր եղնիկի աչուըներն իմաստուն
Կեանքին բոլոր ճամբաները գիտեն…
Հոգիիս վրայ լուսինը կը ձիւնէ…
Արցունքներս
Ա
Եւ մաքրաթեւ երազիս հետ մինակ էի հովիտներուն մէջ հայրենի,
Քայլերս էին թեթեւ, ինչպէս քայլերը խարտիշագեղ եղնիկին,
Եւ զուարթութեամբ կը վազէի, կապոյտէն եւ օրերէն բոլորովին գինով,
Աչքերս ոսկիով եւ յոյսով՝ եւ հոգիս աստուածներով լեցուն…
Բ
Եւ ահա բարեբեր Ամառն իր պտուղները զամբիւղ առ զամբիւղ,
Մեր պարտէզին ծառերէն դէպի հողը եւ դէպի զիս կ՚ընծայէր,
Եւ ես լռութեամբ՝ գեղուղէշ ուռիին ներդաշնակ հասակէն
Երգերս ստեղծելու համար խորհրդաւոր սրինգիս ճիւղը կը կտրէի…
Գ
Կ՚երգէի… Ադամանդեայ առուակն եւ թռչուններն հայրենագեղ,
Աստուածային աղբիւրներուն յստակահոս մեղեդիներն անդադրում
Եւ առաւօտեան զեփիւռը, քրոջական գորովներու ա՜յնչափ նման,
Այս բոլորն իմ երջանիկ երգերուս թոթովումին կը ձայնակցէին…
Դ
Այս գիշեր երազիս մէջ, ձեռքս առի զքեզ, ո՛վ քաղցրախօս Սրինգ,
Շրթունքներս զքեզ ճանչցան՝ ինչպէս համբոյր մը հին օրերու,
Բայց շունչս յիշատակներու զարթնումէն, յանկարծօրէն մեռաւ,
Եւ երգիս տեղ՝ շիթ առ շիթ, շիթ առ շիթ, արցունքներս էին որ ինկան վար…։
Ես երգելով կ’ուզեմ մեռնիլ
Ա
Սպասումիս եւ Յոյսիս քաղցրութեանը հետ մինակ էի այդ իրիկուն
Եւ Փրկութեան ու Տառապանքի նժարովը Հայրենիքին բախտը կը կշռէի…
Երբ հեռակայ տանս դուռը, գիշերուան սարսափին մէջէն, ուժգնապէս բախեցին.
Եւ ժպտուն՝ ընկեր մը ներս մտաւ, շքեղօրէն գեղեցիկ, եղբայրադէմ եւ ահաւոր…
Բ
Երիտասարդ էր։ Աչուըներուն կայծը երկնքի աստղերէն էր որ կը ծորէր,
Եւ հասակին ձեւերը մարմարներու զօրութիւններէն էին կերտուած…
Մտածումը մարդկային արդարութեան էջերէն յստակօրէն ջահավառեալ…
Ճակտին վրայ իրենց ցաւի եւ բարութեան ծաղկներն ունէին։
Գ
Մտերմաբար քով քովի, Հայրենիքին տառապանքէն կը խօսէինք,
Իր ծանրախոհ գլուխը սգաւոր կիսաստուածի մը արիւնոտ սրտին կը նմանէր…
Նայուածքները նայուածքներուս մէջ նոյն ճակատագրին խորհրդանիշը փնտռեցին…
Եւ մեր տրտում ժպիտները հոգիէ հոգի մեղմօրէն ճառագայթուեցան։
Դ
Ժամերով լռին էր։ Լռին էի։ Յիշատակի հեծեծանքներ մեր աչքերը թրջեցին…
Եւ լամպարիս կապոյտ լոյսը, սեղանիս վրան, այլեւս արիւններու նման վար կը թորար…
Տժգունեցայ ես՝ ինչպէս երազ մը, որ առաւօտին երեւումէն կ՚անհետի…
Բայց ինք՝ հերոսատիպ եւ հպարտ, ձեռքս ձեռքին մէջ՝ ոտքի՝ ինծի ըսաւ.
Ե
«Այս իրիկուն՝ հաւատքի եւ հրաժեշտի իրիկունս է, ընկե՛ր,
Երիվարս թամբած եմ արդէն՝ եւ կեանքի ու կռուի տենդէն՝ դուռիդ առջեւը կը վրնջէ…
Եւ տե՛ս, հասակէս վար անբիծ սուրս մերկ է, մերկութեամբը գերմարդկային վճիռներուն։
Ճակատդ շրթունքիս մօտեցո՛ւր… հաւատքի ու հրաժեշտի իրիկունս է, ընկե՛ր։
Զ
Եւ դուն սա՛ մաքրափայլ թերթերուդ վրան ցեղին ցաւը եւ ցեղին ուժը բանաստեղծէ՛,
Ապագայ սերունդներուն եւ մեր անցեալին տխրութեանն ի նուէր.
Ես որբ մըն եմ եւ ըմբոստ մը, մնա՜ս բարեաւ, կորուսեալներս փնտռելո՜ւ կ՚երթամ…
Քու երգերէդ երգ մը տո՛ւր ինձ, երգ մը, ես երգելո՜վ կ՚ուզեմ մեռնիլ…»։
Աղոթք
Կարապները թունաւորուած լիճերէն այս իրիկուն յուսահատօրէն գաղթեցին,
Ու տրտում քոյրեր, թիարանին պատերուն տակ, եղբայրներ կ՚երազեն…
Շուշանով ծաղկած դաշտերուն վրայ պատերազմները վերջացան,
Ու գետնափորներու մէջէն գեղեցկուհիներ դագաղներու կը հետեւին,
Եւ իրենց դէմքերը հողին ծռած՝ երգեցին.
«Օ՜, աճապարեցէ՛ք, մեր ցաւագին միսերը սառեցան այս անիրաւ խաւարներէն…
Աճապարեցե՛ք դէպի մատուռն, ուր կեանքն աւելի գթած պիտի ըլլայ.
Գերեզմանոցին մատուռն, ուր մեր եղբայրը կը քնանայ…»։
Հոգիիս մէջ այրի կարապ մը կը տանջուի,
Ու հոն նոր թաղուած մեռելներուն վրայ
Աչուըներէս վար արիւն անձրեւ մը կը տեղայ…
Անդամալոյծներու բազմութիւններ կ՚անցնին սրտիս ճամբաներէն,
Ու բոպիկ ոտքերով կոյրեր անոնց հետ՝
Աղօթողի մը պատահելու աստուածային յոյսով…
Եւ անապատներու կարմիր շուներն ամբողջ գիշեր մը լացին,
Յուսահատօրէն աւազներուն վրայ ողբալէ յետոյ,
Անծանօթ ցաւի մը համար, որ չի հասկցուիր…
Ու մտածումիս փոթորիկը անձրեւին հետ դադրեցաւ.
Սառած ջուրերուն տակ ալիքներն անգթօրէն բանտարկուեցան.
Հսկայական կաղնիներուն տերեւները, վիրաւորուած թռչուններու նման,
Հոգեվարքի ճիչերով վար ինկան.
Եւ խաւարչտին գիշերն անհունօրէն ամայացաւ,
Ու մենաւոր ու արիւնոտ լուսնկային հետ,
Մարմարեայ անշարժ ու բիւրաւոր արձաններու պէս՝
Մեր հողին բոլոր մեռելներն իրարու համար աղօթքի ելան…
Հոգիս
Ահաւասի՛կ հոգիիս ջահերը, որ վայրկեան առ վայրկեան
Մտածումս կ՚արեգակեն՝ զանիկա խաւարին մէջ սուզելէ յետոյ…
Հոգիս ա՛ն է, որ բիւրաւոր անգամ ձեր ամէնուն ցաւն ապրեցաւ,
Ա՛ն է, որ անդունդի մը մէջ՝ իր մոխրին վրայ ծնրադիր՝
Հարազատ ու շղթայակապ քոյրերու աքսորը կու լայ…
Հոգիս այն վա՛յրն է, ուրկէ արիւնռուշտ լուսին մը բարձրացաւ
Անմեղներու կոտորածէն ծովացեալ դաշտի մը վրայ…
Ու ա՛յն հողմակոծ անտառն է, որուն աւազաններուն շուրջ՝
Օ՜, եղբայրական արիւնի հեղեղներ կը հոսին…
Հոգիս այն երկի՛րն է, ուր որբ եւ սեւահեր տղաներու բազմութիւններ,
Անդադար սուրերու շողիւններէն հալածական,
Աղեխարշ ճիչերով փլատակներու մէջէն կը փախչին…
Հոգիս այն երկի՛նքն է, ուրկէ յոյսին բոլոր աստղերը թափեցան,
Ու այն մարմարակերտ տաճա՛րն, ուր կեանքը ծունկի եկած՝
Խելայեղօրէն Ամենագութ մահը կը պաղատի…
Հոգիս Աւետարան մըն է, որուն վրայ տժգոյն ու յուսահատ ձեռքեր
Անկարելի քաւութեան մը համար, ապարդիւնօրէն, դեղին թերթեր կը թղթատեն…
Հոգիիս մէջ երբեմն արշալոյսներ կ՚արիւնին,
Եւ պաղատող աղաղակներու անասելի համանուագ մը կ՚որոտայ.
Հոն սրածումներու աշխարհ մը կայ, ուր սարսափահար կեանքեր
Ձեր շարժումին, ձեր օգնութեան, ձեր ձայնին կը սպասեն…
Հոգիիս մէջ հերոսներու ծնունդ մը կայ եւ մեռելներու թափօր մը միանգամայն…
Հոգիս այսօր անձրեւ մըն է մորթազերծուած դիակներու վրայ
Ու նայուածք մըն է, որ անտիրական դագաղները կը թափանցէ,
Հոգիս բարկութեան ու ցասումի հով մըն է այս գիշեր,
Որուն վազքին տակ արիւնարբու ռազմագունդերը պիտի նահանջեն…
Ու բոլոր գերեզմանոցները, իրենց խորերէն, ահագնաբար,
Ձեր նայուածքներուն առջեւ՝ դէպի վե՜ր պիտի շրջին…
Որպէսզի վերջապէս ճանչնաք, ո՜վ անկարեկիր ներկաներ,
Այն բոլոր մարտիրոսները, որ ձեր բոլորին համար
Անձնուիրութեան եւ կամքի առաւօտ մը ինկան…
Հոգիս մահատեսիլ աշուն մըն է, որ այս ամէնուն վրայ
Իր մշուշը եւ իր տերեւներուն հոգեվարքը կը սրսկէ.
Բայց հոգիս եւ Կարմիր Յուսահատ մըն է, որ անընկճելի Յոյսին համար
Առաքեալի մը պէս դէպի արգասաբեր Մահը պիտի թեւէ…։
Թթենին
Ու ինչպիսի՜ անողոք մխիթարութեան մը համար էր որ,
Ձեռքերնուս մէջ ձեզմէ հասած քանի մը ծրար ցնցոտիներ,
Երկու ընկեր մեռած գիւղէ մը ուրիշ գիւղ մը կը քալէինք…
Երբ ճամբուն վրայ պատահեցանք ծեր կնոջ մը կորաքամակ,
Որ հացի պարկ մը ուսէն կախ եւ ցուպի մը վրայ յենած
Եկաւ մեզի, իր ցաւին հետ, դանդաղութեամբ մը մօտեցաւ։
— Առաւօտէն մինչեւ հիմա մինաւորիկ կը թափառիմ,
Այրած տանս մոխիրները փնտռելու…
Ութ օր եղաւ որ մեր գիւղը դրացիներն աւերեցին,
Իմ մեծ որդիս կռիւին մէջ իբր կտրիճ մեռաւ, ըսին.
Բայց վերջին լոգանքն ես ըրի առուակի մը ջրերէն…
Եւ հին օրերու դրացի, բայց այսօրուան թշնամիներ,
Ծերութեանս, աղերսանքիս, արցունքներուս գթալով,
Բարեկամներու նման — ալ բարեկամ չէ՛ր մնացեր — ելան եկան,
Նարնջենիի այգիի մը մէջ, օր մը յետոյ, անոր դիակը թաղելու…
Աչքերուս մէջն արցունք չի մնաց, որ
Հոգեհատոր թոռնիկիս մահը՝ նստած ես լայի…
Ութ օր է որ խենթի մը պէս վրանէ վրան կը շրջիմ…
Ո՛չ քուն ունիմ, ո՛չ արթուն, միայն զինքը կ՚երազեմ…
Թո՛ղ աշխարհս քանդէին, բայց թոռնիկս ինծի մնար…
Թոռանս տեղը զի՛ս մեռցուցէք, զի՛ս մեռցուցէք, գոռացի, լսող չեղաւ…
Աղաչանքիս լսող չեղաւ… եւ կիսամեռ, պատանին…
Դիակներու սահմանուած սայլին մէջը նետելով՝
Վանքին ճամբէն հեռացուցին, ա՜խ իր աչքերը, իր աչքերը դեռ կը տեսնեմ…
Երկար ատեն աչքերը բաց, հոգին տալով, ինձ նայեցաւ,
Սայլին ձայնը դեռ կ՚իմանամ, ճռնչելով կը թաւալի…
Զարհուրելի հեծկլտուք մը կնոջ մարմինը ցնցեց,
Բայց իր արցունքը կուլ տալով, ինձ նայելէն, դեռ ըսաւ.
— Ա՛լ տուն չի կայ, տնուոր չի կայ, մահուանս հետ մինակ եմ,
Պէտք էր տեսնել իմ տնակս, ի՜նչ բարիքի օճախ էր…
Գառնուկներուս, հաւերուս եւ աքաղաղիս հետ ճերմակ,
Բոլո՛րը մէկ, բոլո՛րը մէկ գոմին մէջն այրուեցան…
Աշնան համար, ամբարիս մէջ, ափ մը ցորեն ունէի
Եւ երդիքիս կտուրին տակ մեղուներու երկու փեթակ,
Այս բոլորը, օրուան մը մէջ, մեր գիւղին հետ վառեցին…։
Բուխերիկս շինուած օրէն ամէն առտու կը մխար…
Ի՞նչ կ՚ուզէին այս բոլորէն, ի՞նչ կ՚ուզէին, դուք ըսէք…
Աջ կողմերնիդ նայեցէք, ահաւասիկ աւերակը տնակիս.
Տեսէ՛ք աղբիւրս, որ քարուքանդ պատին տակէն առու կազմած…
Ծաղիկներուս փոխարէն, մոխիրնե՜րս ջրել կ՚երթայ…
Բայց այս բոլորը թոռնիկիս քով ի՜նչ կ՚արժեն…
Ահ, երկու քարեր տուէք ինծի, որ ձեռքս առած գլխուս զարնեմ…
Թթենիս ալ կտրտեր են, մահը գլխուս, թթենիս ալ կտրտեր են.
Վա՜խ, իր յիշատակն, հասակին պէս աչքիս առջեւ կը բարձրանար,
Եօթը տարին նոր բոլորեց, եւ ես արդէն իր շուքին տակ…
Գրկիս մէջ թոռնիկս առած իրեն օրերը կ՚երգէի…
Թթենիս ալ կտրտեր են, հո՛ս նայեցէք, իր արմատէն թթենիս ալ սղոցե՜ր են։
Դիակներուն սայլը ո՞ւր է, դիակներուն սայլը ո՞ւր է, ես իր ճռինչը կ՚իմանամ…
Ես ալ կ՚ուզեմ մէջը նետուիլ, թոռանս քով, սայլին մէջը դեռ տեղ մը կա՜ր…
Տեսարանն ահաւոր էր։ Թշուառ կինը թթենիին սղոցուած ճիւղին փաթթուած…
Գետին ինկաւ…։ Ես չի կրցայ իմ հեծեծանքս զսպել…
Մինչ՝ մոխիրներու եւ մահերու տանթէական ճանապարհին՝
Ինձ ուղեկից ընկերուհիս մանկան մը պէս սկսաւ լալ…։
Խեղդամահ
Ու գետնափոր նկուղին մէջ քառասուն անձ՝
Արջառներու սարսափահար հօտի մը պէս,
Որ աւազահողմին հարուածներէն կը հալածուի,
Մահուան դիմաց դողահար եւ մէկզմէկ ջախջախելով,
Չորս պատերուն մէջը խաւարչտին՝ խռնուեցանք…։
Ապառաժի լռութիւն մը իր սարսափովը կը ծանրանար,
Շշուկ չի կար, շնչող չի կար, շրթունքները փակ էին,
Եւ ամէնուս նայուածքները քստմնելի եւ դիւային,
Մէկզմէկու վրայ յառած՝ մէկզմէկու մահ կ՚ուզէին…։
Արեւծագէ մը մինչ արեւծագըն յաջորդ,
Այսպէս անձայն եւ անօթի, գերեզմանի քարերուն պէս՝
Մենք մեր մարմնոյն վրայ, մեր սարսափն երկաթեցինք…
Ու մեր թաքուն կատաղանքն եւ կարօտը կոտորելու մտածումով՝
Մեզմէ շատերն սկսան մոլեգնօրէն իրենց մատները կրծոտե՜լ…
Եւ ապառաժեայ լռութիւնը անհունին պէս մեր աչքերուն կ՚երկարէր…։
Բայց արեւին տակ՝ հազարաւոր անասնադէմ բարբարոսներ՝
Բերրի դաշտերն ու գիւղերն աւերելէ դեռ չի յոգնած,
Մեր թաքստոցը փնտռելով՝ մեր մահը դեռ կ՚ուզէին…։
Եւ գետնափորի մութերուն մէջը մահացնոր
Մենք սարսափո՛վ, սարսափո՛վ, սարսափո՛վ է որ լսեցինք
Հրազէնի, նիզակներու, սուիններու եւ սուրերու
Կայծակնապար շառաչիւնն, որ արեւին տակ կը վառէր…
Ու դիակնե՜ր, դիակնե՜ր մեր նկուղին երդիքներուն վրայ,
Արմատախիլ ծառերու պէս, սրսփանքով վար կ՚իյնային,
Հոգեվարքի հռնդիւններ՝ մերթ ամեհի եւ մերթ խուլ՝
Պատերէն ներս, նկուղին մէջ կու գային մեզ ցնորել։
Եւ հողապատ ձեղունէն, որ մեր վրան դագաղի մը պէս կը փակուէր,
Վերը հոսող տաք արիւնը յորդառատ՝ ծակտիքներէն վար սուզուելով…
Սկսաւ ալ կաթի՛լ կաթի՛լ մեր դէմքերուն վրան ծորիլ…։
Բայց նորածին մը նորէն սուր ճիչով մը սկսաւ լալ.
Մեր դաւաճանն անտարակոյս այդ անմեղը պիտի ըլլար.
Որոշման մը, եղեռնի մը, ոճիրի մը յոյսը միայն կար մեզի,
Երբ իր մայրն հեծեծանքով մը, ալ վերջապէս փսփսաց.
— Աստուած մեզի թո՛ղ գթայ, ստինքներս պարապ են.
Ա՛լ կաթիլ մը կաթ չունիմ. մինչեւ արիւնս ծծել տուի…։
Ա՛լ կաթիլ մը կաթ չունիմ, ինչ որ կ՚ուզէք, վճռեցէ՛ք…
— Պէտք է խեղդե՛լ,— ըսաւ մէկը իր բազուկն բարկութեամբ մը երկարելով։
— Պէտք է խեղդե՛լ…— փսփսացինք քառասուն անձ նոյն ատեն…
— Նախ եւ առաջ զիս խեղդեցէք եւ յետոյ իմ զաւակս…
— Ձայնը առին, տանիքն արդէն բրիչներով կը փորեն…
— Բոլորս մէկ մատնուեցանք, արդէն տանիքը կը փորեն…
— Արդէն հողը վար կը թափի, լոյսն արդէն կ՚երեւայ…
— Կը պաղատի՜մ, խեղդեցէ՛ք զիս. ահաւասիկ իմ կոկորդս եւ կոկորդն իմ զաւակիս…
Ու հայ մայրն իր վզին հետ զաւկին վիզը մութին մէջէն մեզ երկարեց…
Խաւարին մէջ երկու բազուկ օձերու պէս գալարուելէն,
Մանկան վիզը գտնելով՝ ահեղութեամբ մը զայն սեղմեցին…։
Լռութիւնն այս անգամ նկուղին մէջ մրրիկ մ՚էր։
Ես րոպէ մը կարծեցի, որ բոլորս մէկ արժանապէս մահացանք…։
Պահ մը յետոյ խաբուած մարդու հայհուչներով տղմաթաթաւ,
Զգացինք, որ արիւնախում խուժանը յուսահատած կը հեռանար…։
Փրկութի՞ւն էր մեզի համար։ Ստրուկները կը փրկուի՞ն։ Այսպէ՞ս պէտք է փրկուիլ….։
Ու ամէն օր այդ խեղճ կինը կիսամերկ՝ ճամբաներուն վրայ կեցած,
Անծանօթի՛ն, անցորդի՛ն, թշնամիի՛ն եւ օտարի՛ն
—Քղանցքներուն փաթթուելով խենթի մը պէս կ՚աղաղակէ.
— Սա՛ ձեռքերս կը տեսնէ՞ք, կտեսնէ՞ք սա ձեռքերս,
Ես էի որ ասոնցմով, նկուղին մէջ, իմ նորածինս խեղդեցի…
Հաւատացէ՛ք, ես էի որ զայն խեդդեցի, ի՜նչ անարդար մարդեր էք,
Դուք ալ գոնէ զի՛ս խեղդեցէք, իմ ձեռքերս անզօր են.
Ես էի որ նորածինս նկուղին մէջ բոլոր ուժովս խեղդեցի…
Սիրտ չունի՞ք դուք, խեդդեցէ՛ք զիս, իմ ձեռքերս ա՛լ ուժ չունին…։
Հայ դաշտերուն պաղատանքը
«Արարատեան աշխարհներէն մինչ հովիտներն Եփրատեան,
Մեր ընդերքներէն բարձրացող պաղատանքն ու պարսաւը ձե՛զ կ՚ուղղենք,
Կեանքին հանդէպ դրուժաննե՛ր, հեռացողնե՛ր կամ երկչոտնե՛ր,
Հալածական կամ աքսորեալ, դուն, վտարանդի՛ կամ տարագի՛ր,
Ո՞ւր էք, եւ ո՞ւր են ձեր բազուկները, որ մեր կողերը կ՚արօրէին…
Ո՞ւր էք եւ դո՛ւք, հին օրերու անկաշառ եւ անկնճիռ ճակատնե՛ր,
Երբ ձեր քրտինքն հուժկու եւ վեհ հողագործի,
Մարգարտի պէս կու գար հոսիլ ծալքերուն մէջը մեր ակօսին,
Հին օրերու ձեռուընե՜ր, ո՞ւր էք դուք, ձեռքեր օրհնեա՜լ,
Ձեռքեր անպի՜ղծ, ձեռքեր յուռթի՜ եւ արգաւա՜նդ,
Ձեռքեր բարի՜ եւ բեղմնաւոր, ձեռքեր վսե՜մ եւ վճռակա՛ն,
Երբ ցորեանին սրբազան սերմը ձեր ափին մէջ
Հալած ոսկու հեղեղի պէս լայնաբուռն կը ցանէիք… ։
Ու գութանին երգը կ՚երգէիք … եւ ձեր եզներն յաղթամարմին,
Իրենց երկաթը շանթերու պէս մեր ընդերքը մխրճելէն…
Արտավարէ արտավար, հպարտօրէն բառաչելով կը հերկէին…
Ու ներդաշնակ անձրեւներն եւ արեւը, մեծ օրէնքին կշիռներուն համեմատ,
Կ՚իջնէին ձեր հողին յանձնած հատիկները բեղմնաւորել…
Եւ երբ ամառը կը ծնէր կամ աշունին մահէն առաջ՝
Քաղաքներէն եւ գիւղերէն՝ գերանդիով, մանգաղներով բեռնաւոր,
Հազարներով կու գայիք, հայ դաշտերէն Մարդկութեանն իբր ընծայ,
Անխտրական ցորեանին հասուն հասկերն հնձելու… ։
Բայց քանի գարուն եւ աղաչաւո՜ր աշուններ եկան անցան,
Եւ անծաղիկ ու անպտուղ մեր անսահմանը ձեզ կը սպասէ…
Ա՜հ, գթացէ՜ք հայրենական եւ հաւատարիմ ձեր հողերուն,
Գթացէ՜ք այն այրիներուն եւ վարդի նման որբերուն,
Որ առաւօտէն յուսաբեկ եւ իրիկունէն եղերական,
Իրենց կուրծքերը կոծելով՝ մեր քարացած սե՜ւ կողերէն
Երկու բո՜ւռ հունձք, ա՜փ մը ցորեան կը պաղատին… ։
Ու հայ դաշտէն կը հեռանան, կեանքին օրէնքն անիծելով՝
Եւ բնութիւնն ալ, իր բարիքն ալ, իր բերքերն ալ անմատոյց։
Հազարաւոր տարիներու դո՛ւք, անարժան ժառանգորդնե՛ր,
Օտարութեան եւ մոլութեան ճամբաներէն մեզի դարձէք,
Յոյսէն խաբուած կամ աղէտէն հալածական, բայց չարիքին յաղթահարող
Աշխատողնե՛ր, բոլորդ մէկ ձեր բարեգութ բնութեանը գրկին եկէ՛ք.
Ամէն բարիք մեր լանջքերէն եւ լեռներէն կը ծնանի…
Ամէն մետաղ մեր խաւին տակ հրաշանիւթ իր գանձն ունի…
Մեզմէ միայն կրնաք կորզել Յոյսին ոսկին եւ գինիներն Երազին…
Յաղթանակները մենք կու տանք պարտութիւնները մեզի են…
Վերադարձէ՛ք, որդինե՛ր, ձեր գութանին եւ արօրին ժանգը նորէն սրբելու.
Թո՛ղ նորէն ձեր հնադարեան հայրենի հողը ծաղկոտի…
Թո՛ղ ձեր հունձքերն հովտէ հովիտ ծովերուն պէս տարածուին…
Թո՛ղ կալերն ու որաները, բլուրէն վեր, լուսնկին հետ բարձրանան,
Թո՛ղ հայ հովիւն, մարգերուն մէջ, իր նախահօրը նման,
Իր սրինգին սարսուռներովը իր հլու հօտը հմայէ…
Ձորին վրայ ջրաղացը խաղաղութեամբ թո՛ղ շարժի…
Ու առատութիւնը թո՛ղ նորէն գայ մեր արտերուն վրայ լացող,
Հայկեան ցեղի պղտոր աչքերը լուսավառել…
Ամէն բարիք եւ մարդկային չարիքներու ամէն դարման
Մեր խորհուրդէն, մեր խաւերէն, մեր օրէնքէն պէտք է յուսալ…
Ու այսպէս՝ Ձիթենիին ոստերուն հետ աստուածաբոյս,
Սուրն ալ մեզմէ կը ծնանի, սրբութիւնն ալ Ցորեանին …»։
Նաւասարդեան աղոթք առ դիցուհին Անահիտ
Ո՜վ Դիցուհի, ես մեղկութեան կրօններէն ահա իմ խիղճս լուացի
Ու պերճօրէն դեպի զՔեզ կը քալեմ։ Հողաթափներս դեռ սուրբ են։
Բա՛ց մարմար դուռը մեհեանիդ, անոր դիմաց ես ճակատդ թող արիւնեմ…
Բա՛ց բագինըդ եւ տո՛ւր ինծի շէկ զօրութիւնը Արտաշիսեան նախնիքներուս…։
Լսէ՛ ինծի, Ոսկեղէն մա՛յր, քո՛յր արգաւանդ, քո՛յր բարութեան,
Առատութեանց պարգեւիչ եւ Տիրուհիդ հին հայոց,
Նաւասարդի առաւօտով Քու նախկին ցեղդ ահաւասիկ կը ցնծա՜յ…
Թոյլ տուր որ ես, ծնրադիր՝ ձեւիդ առջեւ աղօթեմ…։
Լսէ՛ ինծի, Հրաշքի՛ Վարդ, ոսկի ոտքով աստուածուհի,
Գիշերային սպիտակ Հարս եւ Տարփուհիդ Արեգական
Եւ լուսամարմին մերկութիւն Արամազդեան Առագաստի,
Արեւն իր մէկ ճառագայթով թո՛ղ քու բագինդ դարձեալ վառէ…։
Կը հաւատամ ես ի Քեզ։ Բագրեւանդեան բլուրներուն վրայ կանգուն,
Ես՝ բազմադարեան դիցապաշտ եւ նիզակազէն քու որդիդ,
Իբր առաքեալ եւ խնդրարկու Քեզի կու գամ վեհօրէն,—
Լսէ՛ ինծի, Հայկեան բամբիռս Գողթան հողէն է ծներ…
Ուխտի կու գամ։ Քղամիդ մը հասակէս վար եւ բարսամունքի դալար ոստեր ի ձեռիս,
Ահաւասիկ արծաթ ցնցուղ մը վարդահիւթով՝ ստինքներդ օծելու…
Ահաւասիկ խնկաման մը սափորաձեւ, ուր կործանումդ իմ արցունքո՜վս ես լացի…
Եւ ստուերիս հետեւող եղնիկներով նուիրական՝ Քեզ կը քալեմ…։
Բագրեւանդեան բլուրներէն հեթանոս կեանքը հոսի,
Արեւորդիք գեղահասակ, բեհեզներով պարեգօտուած,
Աղեղներու, նիզակներու եւ նետերու վարժէն յետոյ, զոհարանիդ սեմին վրայ
Յաղթ ցուլերու պարանոցին իրենց սուրերը թո՛ղ սեւեռեն…
Թո՛ղ պտղաւորեալ հայ հարսներուն ուսերէն յստակ տարմը տատրակներուն
Դէպի անդրիդ թռիչ առնեն։ Վարդավառի ջրախաղերը թող բացուի՜ն…
Եւ վեշտասնամեայ աղջիկներ բագինիդ շուրջ պարի ելած,
Իրենց մարմինը մոգական, ո՜վ զգաստութեանց Տիրամայր, թող քե՛զ բաշխեն…
Քսան դարու Քու վրէժդ թո՛ղ որ այսօր ես լուծեմ,
Ո՜վ աստուածուհիդ Անահիտ։ Ահաւասիկ քու բագինիդ կրակներուն մէջ նետեցի
Իմ խորտակուած խաչափայտիս երկու թեւերը թունաւոր,
Եւ ցնծա՛ դուն, ո՛վ Ոսկեմայր, Լուսաւորչի կողերէն, ժանտ ոսկոր մը քեզ կը ծխեմ…։
Կը պաղատիմ ես Քեզի, ո՜վ զօրութեանց Դուն աներկրորդ Գեղեցկութիւն…
Դուն Քու մարմինդ արեգակին ընծայելով՝ բեղմնաւորուէ անոր Տարրէն
Եւ անյաղթելի ահեղ Աստուած մը պարգեւէ դուն Հայութեան…
Քու ադամանդեայ արգանդէդ, ո՛վ Դիցուհի, ահեղ Աստուած մը ծնանէ՛ մեզ…։
Անդրանիկ
Ինքն էր, որ Երազիս մարմարեայ եզերքներուն վրայ, այս գիշեր,
Ապառաժի մը նման անյաղթելիօրէն ոտքի,
Իր ըմբոստացողի հրեղէն գլուխն աստղերուն մէջ մխրճելէն,
Ու իր ձեռքը ատելութեան սուրերովը զինած,
Հողին փրկութեան սիրովը հրաշացած եղբօր մը նման,
Որ եղբօր մը օտարացումէն իր հոգին կ’արիւնէ,
Խօսեցաւ ինծի ան, եւ իր բառերը իրարու ետեւէ, եւ կարգ առ կարգ,
Խիստ էին եւ քաղցր եւ ճշմարիտ եւ քինայոյզ եւ առնական...
«Եւ ահաւասիկ ես եմ, ո՜վ մեղկութեան ու անշարժութեան զաւակ,
Որ աղմկայոյզօրէն՝ այս իրիկուն հեռուներէն կու գամ,
Քու երազուն եւ անտարբեր ու անգործօն ու եսական ու տկար
Երիտասարդի մարմինդ ու էութիւնդ ու հոգիդ,
Բազուկիս հարուածովը ու սուրերուս շառաչին հետ,
Կռիւներու հարկադրիչ ժամերուն համար, վերջնականապէս ցնցելու...
Ունկնդրէ՛ իմ ձայնիս, որ այս վճռականութեան օրերուն
Մեր ցեղին, մեր վրէժին ու մեր արիւնին աղաղակն է ահարկու,
Ու խառնուէ՛, ընկերացի՛ր, եղբայրացի՛ր սա՛ մեր հզօրաքայլ ամբոխին հետ՝
Եթէ դեռ քու հոգիիդ մէջ ազատութեան որեւէ կայծ վառ մնաց,
Եթէ դեռ քու բազուկներդ քաջութիւնը ունին թշնամիներ հարուածելու,
Եթէ սիրտդ գէթ անգամ մը խոցոտուեցաւ մեր մայր-հողին մահացումէն,
Եթէ ցեղիդ տառապանքէն ու անմեղներու կոտորածին մղձաւանջէն
Քու ներսիդիդ ատելութեան ու բարկութեան անտառները բարձրացան...
Եթէ դուն դեռ կեանքիդ մէջը պիտի կրնաս նպատակի մը փաթթուիլ,
Եթէ դեռ քու աչուըներդ այս անօգուտ արցունքներէն չկուրցան...
Եթէ դուն քու աղօթքներդ Ատելութեան գոռումներու փոխեցիր,
Եթէ ցեղիդ ռազմական ու արեգակէ արիւնին
Երակներուդ եւ գլխուդ մէջ բորբոքուիլը դեռ կը զգաս,
Եթէ դեռ Արամին, Տիգրանին, Արտաշէսին եւ Վարդանին
Յաղթանակող զօրութենէն քու մէջդ շունչ մը մնաց,
Դիւցազնական քայլերէն քու երազողի նայուածքներուդ առջեւ
Անձնուիրութեան, վրէժի եւ ազատութեան ճանապարհ մը բացուեցաւ,
Ոտքի՛ կեցիր այն ատեն, եղբայրացի՛ր խումբերուս ու մրրկուէ՛ անոնց հետ,
Որովհետեւ, գիտցիր որ այս զոհաբերումի, ընդվզումի եւ յոյսի օրերուն
Մեր ամէն մէկուն համար անկողնի մէջ հոգի տալը վատութիւնն է վատութիւններուն...»:
Յանկարծ խումբերը հեռացան արեւածագին կրակներուն մէջէն,
Ու իրենց կամաւորի գիտակից ու վճռական քայլերուն հնչիւնը երկաթեայ
Մարմարակոյտեր փշրող անհամար կռաններու հնչիւնը ունէր...
Մինչդեռ թշնամիներէն անջատուած գլուխներ ջահերու պէս կը բոցավառէին՝
Իրենց ուսերուն վրայ բարձրացուցած սուրերուն կատարներէն...
Եւ ես այն ատեն՝ նախանձութեամբ ու տարփանքով հողին վրայ ծնրադիր՝
Իրենց հերոսի քայլերուն հետքը երկիւղածօրէն համբուրեցի...
1903 Փարիզ
Արիւն
Տժգունօրէն յոյսին բոլոր շուշանները թափեցան,
Օրերուն անգթութեանը մարմարներէն ի վար,
ՄահագուԺօրէն եւ անդադար.
Եւ արբշիռ եւ ուխտուած հոգիները այլեւս հանեցին,
Իրենց յաղթանակի եւ երազի վերարկուն երկար,
Գերեզմանուող իրիկուններուն հետ,
Եւ աւերումի համայնապատկերին դիմաց.
Գարուններուն խենթեցնող գեղեցկութեանը տեղ,
Տրտմութեան երկաթէ ձիւն մըն է որ կը հոսի,
Մեր բոլորին անմխիթար որբութեանը վրայ
Եւ կարծեմ արհաւրալից ու քինայոյզ ջուլհակներ,
Հեռաւոր ու մթին արուարձանի մը մէջ այսօր,
Աճապարանքով, բոլորը մէկէն,
Մեր սեւ օրերուն խոնաւ պատանքը կը հիւսեն...
Մինչդեռ անագորոյն եւ անարեւ հոկտեմբերներ,
Սառած լուսնկային հետ մինակ,
Տարիներէ ի վեր, ամէ՜ն գիշեր, ամէ՜ն գիշեր,
Կեանքին յուսահատութիւնը կ'անձրեւեն մեր վրայ։
Աւա՜ղ, առաջ արշալոյս մը կար որ քաղցրութեամբ կը
ծագէր,
Եւ իմ յաւիտենական երազս երջանկօրէն
Անկէց ինծի՝ մտածումիս համար ծաղկադաշտեր կը
յօրինէր՝
Եւ պսակներ իմ բաց ճակտիս եւ քնարիս մանկական,
Աւա՜ղ, առաջ արշալոյս մը կար որ բուրաստանի մը
նման կը ծաղկէր,
Երբ անմեղութեան աւազանը հայելին էր իմ հոգիիս,
Երբ լիճերուն եղէգները իմ շունչիս մէջէն
խաղաղութիւնը կ'երգէին...
Երբ մայրական Յոյսին ստինքները յափրացումն էին
շրթունքներուս,
Երբ ադամանդէ լուսնական առաքեալս էր եւ մտածումս
ահագին։
Եւ կապոյտ խորութիւնը անրջային ջուրերուն
Աստուածային ապարանքն էր իմ դողդոջուն եւ պատանի
ստուերիս...
Բայց այսօ՜ր, բայց այսօ՜ր, ես այս ամէնուն առջեւէն,
Սարսափահար եւ աչուըներս փակած կը փախչիմ...
Վասնզի գիտեմ որ բոլոր արշալոյսները Նուիրական
հողին.
Տարիներէ՜ ի վեր, մեր արիւնէն են կարմիր...
Արշալոյսները
Ու արհաւիրքով լեցուն Մեռելները այն ապառաԺուտ
բլուրներուն տակէն,
Որոնց վրայ ըմբոստացումի մեր կարաւանը կը լեռնաւորուէր,
Յանկարծ իրենց մերկ բազուկները դէպի մեզի
տարածելէն,
Նորէն կեանքը վերագտածի իրենց երգերը ցնորաբեր,
Ամէնքը մէկ, անշարԺ ու երկիւղած ու գիշերախառնօրէն
մղձաւանջային,
Տարօրինակ երջանկութիւնով մը երգեցին...։
«Օ՜, կա՛նգ առէք ձեր վերելքին վրայ, ո՜վ
դիւցազունները վաղուան,
Ու մտիկ ըրէ՛ք անոնց որոնք փառքի օր մը մահը
անարգեցին
Ձեզի ու մեր ամէնուն համար...
Մենք, մեռելներս, ձեզի հետ ենք այս առաւօտ,
Այլեւս մեր բազուկի ոսկորներուն ճարճատիւնները,
գիտե՜նք, դիւային,
Սրունքներնուս երկայնքն ի վար ու ձեր ականջին,
ՄահագուԺօրէն պիտի չի հնչեն...։
Քանզի, մեր կմախքները ՝ ալ դագաղներէն ու աւերակ-
ներէն դուրս,
Սա՛ ծաղիկներուն նման, վերէն յորդող լոյսերուն տակ,
Օ՜, աւետի՛ս ձեզի, ալ կը սկսին պայծառօրէն
մսաւորուիլ...։
«Ու նորէն մեր այսչափ ատեն,
Խաւարով ու հողով ու յուսահատութիւնով լեփլեցուն
Կոպերնուս տակը, այս պահուն,
Մեր նայուածքները լիճերու նման կը բացուին։
Ու մեր խեղճ շրթունքները մահէն տրորուած,
Օ՜, գթացէ՛ք, մայրականօրէն, ձեր հրավառ
ճակատներուն պէտք ունին...։
«Մեր գերեզմանի քարերն ու խաչերն արիւնլուայ,
Որոնք մեր մահը ու այս կեանքը մեզի հետ ապրեցան,
Սպասեցէք որ ձեր դիւցազնի գլուխներն անոնց վրայ
Գէթ վայրկեան մը զարհուրանքէն իրենց խոնջէնքը
հանգչեցնեն...։
«Նորէն կ'ըսենք, մենք անոնք ենք որոնք օր մը փրկանքի
Իրենց կեանքը ձեզի համար Եղեռնին տուին...
Ու անոնք դարձեալ որոնք դուք ձեր այսօրուան
երգերովն ամեհի,
Աւերակներու ծանրութեանը տակ ուր ցաւին հետ
վատաբար կը կըքէինք,
Ձեր արարչագործ շունչովը մեզի կեանքը տուիք։
«Ուրեմն ձեր երգերը մեր երգերը թո՛ղ ըլլան,
Բայց թոյլ տուէք որ ձեր ամէն մէկուն պատեանէն
մերկացած սուրը պողպատէ
Սա՛ մեր քարուտ, ու դաԺան, ու մութ ու անողորմ
ճամբան,
Ծիածանի մը հանգոյն մինչեւ Նպատակը լուսաւորէ...»։
Ու ես բլուրներուն վերէն ու դաշտավայրին վրայ,
Անսահմանօրէն ոտքի՛, ինչպէս աշտարակ մը կռանիդէ,
Տեսայ որ, բիւրաւո՜ր ու բիւրաւո՜ր ծննդաբեր մայրերը
սեւահեր
Իրենց նորածին զաւակները ձեռքերնուն մէջ ու
խելայեղօրէն դէպի վե՜րԱրիւնոտած հորիզոններուն ամբարձուցին,
Զանոնք առաւօտին ճառագայթներուն խորը մխրճելով,
Յաւիտենականօրէն մկրտելու համար...։
Ու բոլորը մէկ իրենց ջինջ ու ծանր ու լուսաւոր ձայնովը
երգեցին...
«Ո՜վ դո՛ւք որ մեր մարմարէ կողերուն մայրութենէն
ստեղծուեցաք,
Ձեր կեանքին առջեւ փակ աչուըները սա լոյսերովը
ոռոգելէն ՝
Խմեցէ՛ք նախ այդ արիւնէն որ արիւնն է ձեր փառաւոր
հայրերուն,
Ու յետոյ ամէն օր մեր առոյգ ստինքներուն կաթը
աստուածային
Ձեր ամէն մէկը պիտի ընէ այնպէս ինչպէս որ ձեր
հայրերը մեզի համար
Սա դաշտերուն մէջը անձնուրացօրէն եղան...։
Ուրեմն Ովսաննա՜յ ձեզի, դո՜ւք՝ մեր միսը, ու դո՜ւք՝
մեր հոգին,
Ու Ովսաննա՜յ անոնց որոնք ձեզի մեր մէջը փառքի օր
մը կերտեցին...»։
Երգերը դադրեցան, մինչդեռ յանկարծ յայտնուեցաւ որ,
Անդին, անծայրածիր ու հեռաւոր արտերուն վրայ,
Բոլոր երիտասարդ ու լայն ու հուԺկու հերկողները մեր
վաղնջական հողերուն,
Իրենց խելայեղ եզները երկաթներուն լծած, ու
յամառօրէն,
Ադամանդէ ու յակինթէ արգասաւոր Արշալոյսները
կ'արօրեն...։
Դարերու վրեժ
Յոյսերու երկաթէ սանդուխին կատարներէն է որ
աւետիսս կ'արձակեմ,
Մոխիրներու, դիակներու եւ վշտերու հովիտներէն է որ
հասայ ի քեզ,
Եւ, աւա՜ղ, քղամիդիս թեզանիքներէն իմ շքեղ ցեղիս
արիւնը ահաւասի՛կ դեռ կը թորայ...
Բայց քայլերս անխոնջ են եւ կամքս գերազօր եւ ձայնս
դաԺանօրէն ամեհի...
Գլուխս սուգերէն եւ վրէԺէն եւ ճակատագրէն թէեւ
ալեհեր,
Բայց, տե՛ս, աչքերս դիւցազնի մը աչքերուն չափ
կարմիր եւ կերպարանքս է սոսկատեսիլ։
Իմաստութեանս եւ ցասումիս արեգակին տակ իմ
հուԺկու իրանս անկիւնաքար,
Այլեւս չ'ուզեր այդ սնոտի փառքը յաւերԺօրէն իր վրայ
կրել
Եւ պաղատանքի, աղօթքի, լաց ու կոծի եւ ողբի այն
մատեաններուն մէջ,
Ուր դար առ դար իմ սերունդներս իրենց արիւնը եւ
տառապանքն են լացեր,
Մէկ կողմ նետեցի ես զանոնք, պարտութենէ ստրկացում
եւ աղաչանքէ արցունք չերթալու համար...
Եւ մտածումովս եւ զայրոյթովս ձեր ցաւերուն
ամենախոր արմատները չափեցի.
Տեսա՛յ որ ձեր փրկութիւն մուրացողի բոպիկ ոտքերն
աւերակներու մոխիրներէն այրեցան...
Տեսա՛յ որ դուք արցունքին մէջ երջանիկ էիք եւ
կենսաբեր կռիւին դէմ ահաբեկ...
Տեսա՛յ որ արդարութիւնը ստեղծել պէտք էր եւ
ազատութիւնը մոլեգնաբար յափշտակել։
Եւ այսօր, ահաւասի՛կ, իմ անկշռելի բարկութիւնս իր
բոլոր հուրերը վառեց...
«Ահա՛ քեզ ալ կը դիմեմ, եկո՛ւ եւ ճամբուս վրայ ոտքի ՝
երգէ՛ որ արձակե՛մ,
Ճամբուս վրայ ռազմերգէ՛ որ քինայոյզօրէն եւ առյաւէտ
արձակե՛մ
Իմ հաւատքի զաւկըներուս վայրենալանջ երիվարները
փոթորկապար...
Ըսէ՛, որ գաղափարիս փարոսները հրդեհեմ չորս
ծագերուն դիմաց,
Ըսէ՛, որ թաւալե՛մ ապառաԺներուս կոյտերը
անիրաւութեան կուրծքերուն,
Եւ ոտքի հանեմ հողիս հրեղէն եւ ըմբոստ մարտիկներուն
հետ,
Քինախնդրութեան եւ սարսափի բանակներուս
արշաւանքն ալ ահեղաշար...
Ըսէ՛, որ շեփորներս հինաւուրց հերոսներու հագագովը
շեփորել տամ...
Ըսէ՛, որ երկաթներս կռանեմ եւ պողպատներս
շողացնեմ,
Ըսէ՛, որ ես ալ իմ արիւնախում նԺոյգս շքեղօրէն
թամբեմ,
Ըսէ՛, որ անոր սմբակները ձորերէն վեր ՝ լեռնէ ի լեռ
միայն կայծեն...
Երգէ՛, ահա, բոլորին արիւնը արեւ է դարձեր եւ
կամքերն ու դաստակներն են պղնձուեր.
Երգէ՛, Եղբայրութիւնը տօնուեցաւ եւ շունչերն ու
հոգիները նոյն դարերու վրէԺովը պսակուեցան...
Ահա՛ թափուող արցունքները յե՛տ դարձան եւ
կուրծքերու կոծումը դադրեցաւ,
Ահա՛ բոլորը մէ՛կ, բոլորը մէ՛կ, իմ Գերիշխանի
թեւերուս տակ յառաջացան.
Արբեցո՛ւր զանոնք դեռ, եթէ կրնաս, եւ արԺանաբար
դիւցազներգէ զիս, ո՜վ քնարաւոր,
Ես գիտեմ որ քու տաւիղդ Հայրենիքին ծարաւն ունի
ինչպէս վրէԺն այնքա՜ն դարերու...
Ուրեմն լարերդ զենիթին շանթերէն յափշտակէ,
տրցակ առ տրցակ,
Բարձրացո՛ւր ձեռքերդ եւ զանոնք գիշերուան
կապոյտներու կամարին կարկառէ՛,
Եւ փառազարդէ գլուխս առաւօտեան աստղերու բոյլով
մը լուսածոր,
Խնկարկէ՛ զիս եւ անմահութեան տաճարներուն էն
փառակերտը կառուցո՛ւր,
Ծնրադրէ՛ եւ պաշտէ՛ զի՛ս ՝ եւ երբ Ժամը հասնի
ողջակիզուէ՛ ինծի համար,
Եւ փշրէ՛ քու հողեղէնի ճակատդ իմ կոթողիս
մարմարներուն դիմաց,
Որովհետեւ. Ե՛ս եմ, Ե՛ս եմ, Ե՛ս եմ, իմ անունս է
Պայքար եւ վախճանս Յաղթանակ»։
Լոգանքը
Իր մարմինը սպիտակ էր…
Ինչպէս է ձիւնն աստուածընծայ Տաւրոսներուն,
Եւ իր երկու աչքերուն մէջն ահաւոր՝
Բարբարոս սէր մը անյագուրդ կը վառէր։
Բայց սեւահեր այս գեղուհին ամուլ էր,
Ստինքները դեռ չոր էին մաքուր կաթէն,
Եւ իր կողերէն չեր ծնած այն պտուղը ազնուական կամ ոճրագործ,
Որուն համար բոլոր մայրերը կը սպասեն…։
Ու գինովութեամբ, բայց վայրապար կը ցանկանար
Այրութիւններ խոժոռադէմ եւ արգաւանդ,
Բնութեան դէմ յաղթանակող։
Դաժանագեղ կնութիւնն այս կ՚անգիտանար,
Թէ մեծ օրէնքը իր երկաթէ գաղտնիքն ունի…
Բայց կախարդուհի մը չարաշուք,
Աւերումի այս օրերս, իրեն ըսաւ.
— Որպէսզի քու ամլութիւնդ ադամանդեայ
Պայծառօրէն եւ առյաւէտ պտղաւորուի…
Եկուր քեզի հին իմաստուն Դարերուն
Միակ դարմանը ես իմ ձեռքովս մատուցանեմ։
Եւ անգթութեան աւանդավէպը պատմեց…
Մինչ վհուկը գեղեցկուհւոյն աչքերուն մէջ՝
Իր աչքերը շանթերու պէս, մոլեգնութեամբ մը կը մխրճէր։
Յետոյ բերին մեր հանդարտ գիւղէն հեռաւոր
Եօթը կոյսեր վեշտասնամեայ
(Ա՜հ, ճակատագիրնիդ կը տեսնեմ, որ եղերականօրէն նման է,
Ո՛վ խե՛ղճ քոյրերս, այսչափ ատեն իմ մահերգած ճակատագրիս),
Այսպէս բերին մեր հանդարտ գիւղէն առաքինի եւ հեռաւոր՝
Եօթը կոյսեր վեշտասնամեայ՝ մահուան դողէն դողդոջուն,
Ներս մտցուցին զանոնք լոգարանի մը մարմարակերտ դուռներէն,
Ուր արդարութեան արեգակին ճաճանչները վերէն
Արցունքի պէս անոնց վրայ կ՚անձրեւէին…։
Եւ շտապով տախտակէ տաշտ մը հոն դրին
Ու անոր շուրջը զարդարեցին շուշաններով սպիտակ,
Մինչդեռ հեռուն, վարագոյրի մը ետեւէն,
Կրօնաւոր մը մութ աղօթք մը կը կարդար…
Յանկարծ այսպէս՝ գեղեցկուհին զուարթութեամբ մը զարհուրելի,
Իր ոսկեհիւս շղարշ
երով շողարձակ
Անխղճօրէն խողխողեցին եօթը կոյսերը մեր գիւղին…
Եւ երբ ամուլ գեղեցկուհին, աչուըները դէպի երկինք,
Տաշտին մէջը արձանացած՝ ոտքի վրայ կանգնեցաւ,
Հայ կոյսերուն տաք արիւնը վարդակարմիր…
Սկսաւ իր մերկ եւ անխռով ոտքերէն
Մինչեւ իրեն ամուլ արգանդը բարձրանալ…
Հայրը հոգեւարք
— Վերջին նամակն ինծի տուէք, որ արցունքներս սրբե՛մ…։
Ա՛հ, ուրկե՞ց է որ կը բխիք, ո՞ր անդունդէն, ո՞ր աղբիւրէն…
Դո՛ւք, մարգարտի ու մարմարի յորդահոսան փշրանքնե՛ր,
Ա՛լ աչքերուս խեղճ կոպերն խոցոտեցան,
Ամբողջ կեա՜նքս, ամբողջ արե՜ւս, ամբողջ ուղե՜ղս այսօր լացի…
Վերջին նամակն ինծի տուէք… որ աչքերս ձեզմէ ծածկեմ…։
Մթնշաղի հաւախօսին ո՞վ արթուն էր ձեր մէջէն.
Ա՜հ, արշալոյսին բարութի՜ւնը, բարութի՜ւնն այս առաւօտ,
Սոխակները սիրահարի պէս՝ բոլորը մէկ կու լային,
Ու վանդակին կապոյտ կաքաւը ձիւնին կարօտը կ՚երգէր…։
Բայց ի՞նչու դեռ չի բերիք մեր պարտէզին վարդերէն,
Որդուս ձեռքովը տնկուած վարդատունկէն քանի մը վա՜րդ…
Ու թերթիկներն այդ շուշան ճակտիս վրան թափեցէ՜ք…
Գլխուս վրա՜ն, մազերո՜ւս մէջ, սրտիս վրան սրսկեցէ՜ք
Ա՜հ, կարծես թէ հրեշտակի փետուրներ են որ կը թափի՜ն…
Ի՜նչ սրբազան բուրմունք է այս, արքայութեան հոտը կ՚առնեմ.
Սրսկեցէ՜ք, սրսկեցէ՜ք, ա՛լ պատանքի պէտք չունիմ…։
Սրսկեցէ՜ք, ես իր հոգին ու հասակը յստակութեամբ կը տեսնեմ…
Ահաւասիկ առջեւս է, զիս չե՞ս ճանչնար, մօտեցի՛ր, իմ սիրեցեալ զաւա՛կս,
Ես քու հա՜յրդ եմ, բազուկներուս մէջը նետուէ՛, բերանդ ինձ մօտեցո՛ւր,
Քու ծարաւէդ ծերացեր եմ, ես քու հայրդ եմ մահաջերմէս դողդոջուն…
……………………………………………………………………………………………………….
Ա՜հ, այդ վարդերէն սրսկեցէ՛ք, ի՜նչ երջանիկ երազ էր այս,
Շունչս որչափ կարճ է այսօր, բայց ո՞վ կրնայ մրրկին մէջը շնչել…
Կռունկները կռնչելով, ի՜նչպէս անցան հովերուն հետ,
Մեր երդիքին վրայէն ի՜նչպէս անցան, առանց խապրի՜կ մը բերելու,
Բայց ես գիտեմ, որ կարաւանն այս իրիկուն կը հասնի…
Երազիս մէջ ես տեսայ, իր մետաքսէ վարշամակը գլխուն էր,
Ձեր բոլորին համար ընծաներու երկու բեռներ,
Ու կարմիր ձին հանդարտութեամբ սպիտակին կը հետեւէր…։
Ա՜հ, սա՛ պատուհանը բացէ՛ք, սա՛ փեղկերը ե՛տ շրջեցէք,
Լուսաղբիւրի ճանապարհէն ահաւասիկ կարաւանը կ՚երկարի…
Ջորիներուն բոժոժին ձայնը կ՚իմանամ… սա՛ փեղկերը նորէն բացէ՛ք…
Ինչո՞ւ կու լաք, շունչս սկսաւ սպառիլ։ Մրրի՜կ կայ, մրրի՜կ…
Բոլոր ծառերն սկսան, կմախքի պէս, մէկզմէկու դէմ փշրուի՜լ…
Ոտքի ելէ՛ք բոլորդ մէկ, ոտքի ելէ՛ք, դիմաւորել չէ՞ք երթար…
Կարաւանը մօտեցեր է։ Ինչո՞ւ անշարժ նստեր էք,
«Օգնութի՜ւն մեզ, օգնութի՜ւն մեզ, օգնութի՜ւն մեզ» կ՚աղաղակեն…
Եթէ դիակս ալ ըլլայ, չորսերնիդ մէկ, ձեր ուսերուն վրան առած,
Եթե դիակս ալ ըլլայ, պէտք է որդիս, այս իրիկուն, աչքերս բա՜ց դիմաւորեմ…
Հարսին երազը
«Ու տարիներով մինաւորիկ՝ պատուհանիս առջեւ նստած՝
Ես քու ճամբուդ կը նայիմ, իմ սրտահատո՜ր հեռաւորս,
Ու այս գրով կ՚ուզեմ քեզի իմ մարմինիս ու մտքերուս
Անտէր սարսուռն անգամ մըն ալ երգելու…։
Ա՜հ, մեկնած օրուանդ արեգակը չե՞ս յիշեր,
Արցունքիս չափ առատ էր եւ համբոյրիս չափ հրաշո՜ւնչ,
Խոստումներուդ չափ բարի՛ էր եւ քու դարձիդ չափ արագ,
Մեկնած օրուանդ արեգակը եւ աղօթքներս չե՞ս յիշեր,
Երբ ջրին կուժն ես քու ձիուդ շուքին վրան սրսկեցի…
Որպեսզի քու առջեւէդ ծովերն ե՛տ դառնային,
Եւ ցամաքը ոտքերուդ տակը ծաղկոտէր…։
Ա՜հ, մեկնած օրուանդ արեգակը սե՜ւ գիշերի փոխուեցաւ…
Ու սպասումիս արցունքները տարիներու տարափին տակ,
Աչուըներէս, այտիս վրան, աստղերու պէս հոսելով՝
Անոնց վարդերն ահաւասիկ որ այրեցի՜ն…։
Ա՛լ կը բաւէ, քու ծարաւէդ ես իմ ծամերս փետտե՜լ կ՚ուզեմ,
Քու բաժակիդ գինիէն դեռ գինո՜վ եմ…
Ու բացակայ պերճ հասակէդ սգաւոր։
Յիշատակիդ ետեւէն ծովերուն պէս կը հառաչեմ,
Եւ ժամուն դուռը ծնկուըներս խոցոտելէն,
Արեւմուտքին դառնալով՝ կը պաղատիմ.
— Ծովերն օր մը ծայրէ ի ծայր թո՜ղ ցամաքին,
Ու ակնթարթ մը երկու աշխարհը թո՜ղ իրարու մօտենան…
Այնուհետեւ արքայութեան ու արեւի ա՛լ պէտք չունիմ.—
Վերադարձի՛ր մեր տնակին սեմին վրայ, ես քու ճամբուդ կը սպասեմ,
Ձեռքս պարապ քու ձեռքերէդ, սեւերովս քե՛զ կ՚երազեմ…
Վերադարձի՛ր, մեր պարտէզին պտուղներուն պէս անուշ,
Սրտիս սէրը քեզի համար իր համբոյրը կը պահէ։
Ա՜հ, իմ կաթնաթոյր կողերս դեռ մայրութիւն չի ճանչցան…
Եւ հարսանեկան իմ ոսկեթել քողերովս
Դեռ չի կրցայ խանձարուր մը զարդարել…
Ու որորանի մը առջեւ նստած դեռ չերգեցի՜, դեռ չերգեցի՜
Հայ մայրերուն մաքուր օրօրն երկնային…։
Վերադարձի՛ր, ա՛լ կարօտս կատար չունի,
Երբ սեւ գիշերն այսպէ՜ս կու գայ իր պատանքները քակել…
Երբ բուերը բակին մեջը իրարու դէմ կը վայեն,
Երբ հեծեծանքս կը հատնի եւ արցունքներս կ՚արիւնին…
Լքուած հարսի երազներուս մէջ մենաւոր,
Ես իմ ձեռքովս, դեւի մը պէս, ալ կը սկսիմ
Գլխուս վրան՝ իմ մօտաւոր գերեզմանիս հողը մաղե՜լ…»։
Սուրբին աղօթքը
Լո՜յս տուր ինծի, Աստուա՜ծ անհերքելի,
Տիեզերքի անմեկնելի ճարտարապետ,
Ճակատագրի եւ ճանաչման ստեղծի՛չ,
Շունչի՛ մրրիկ, կեդրոնական կարողութիւն,
Սուրբ Սեղանիդ սարկաւագն Մեսրոպ`
Իր մշուշապատ մեծ երազին`
Քու ձեռքերէդ յստակութիւն կ'աղերսէ...
Օգնէ՜ ինծի, մեծապարգե՜ւ իմաստութիւն,
Ես` անցուպ հովիւ մեծ քարոզիդ,
Ես` եղկելի մահկանացու, ես տժգոյն տնտես`
Հայկազնեան ահեղ ցեղին…
Ես` տգէտ դպիր եւ անվաւեր վարդապետ,
Ես` անծածան դրօշ հաւատացեալ ամբոխներուդ,
Ես` անօժիտ վերածնո՛ղ եւ անանձրեւ այգեպան,
Ես` կոյր աղբիւր եւ կորաքամակ ճանապարհորդ,
Ես` անարժան օրհնաբան անվերջ փառքիդ,
Իմ անդպիր հօտիս համար լո՜յս կ’աղերսեմ…
Օգնէ՜ ինծի, Աստուա՜ծ բիւրեղ…
Ես` ողորմելի որոնիչ եւ անհետեւանք խուզարկու,
Ես` անքանքար քննիչ եւ անբերրի հիւլէ,
Ես` անաստիճան ճգնաւոր եւ անթռիչ հռետոր,
Դառնաժպիտ թափառական եւ աշակերտ անբանիբուն,
Երազատես մոլորեալ եւ անտաղանդ անրջող,
Ես` սահմանափակ պատուհան եւ փակեալ դուռ,
Ես` իմ հոգիիս հանդէպ փշրող երկա՜թ ալիք,
Ես` գերեզմանի՜ պահապան եւ մեռելո՜ց հաշուակալ,
Ես` հրեղէն հացիդ կարօ՜տ ցորենաքաղ...
Ես` աներդիք գիշերող եւ անսափոր ծարաւի,
Ես` մենաւոր մշակ տատասկներու մէջ կորուսեալ,
Ես` անճառագայթ աղջամուղջ. ես անլար քնար,
Դեռ անբարբառ Հայկազնեաց հոգիին`
Բացատրութեան Բանալի՜ մը կ’աղերսեմ…
Օգնէ՜ ինծի, Տարրերու հայր,
Ես` աչք աղօտ եւ տեսողութիւն անթափանց,
Ունայնամիտ ունկնդիր եւ չարալուր ականջ,
Աններդաշնակ երաժիշտ եւ մեղկաձայն երգիչ…
Ես` անհողագործ դաշտօրայ, շտեմարան թափուր,
Մեղանասպաս անհաց եւ ցամաքեալ գինեբաշխ,
Ես` անկոչ հրաւիրեալ Յիսուսական հարսանիքին,
Ես` անձէթ լուսարար եւ անմատեան մտածող,
Եւ անգորով գգուիչ եւ սիրազուրկ սիրահար,
Ես` անհրապոյր քարոզիչ եւ քարկոծեալ քրիստոնեայ,
Օժիտաբեր աղքատ եւ անոսկի հարուստ…
Ես` անհամբոյր շրթունք եւ հոգեզուրկ հեծեծող,
Ես` սի՛րտ անսէր եւ կուսութիւն անկատար,
Ես` անբեւեռ քալող եւ երերուն ուղեւոր...
Քու փրկութեան փարոսներէդ կաթի՜լ մը լոյս տուր ինծի…
Եւ երկնային դուռներուդ հետ հոգեկան
Կեանքին դռները դրախտին պէս թող բացուին…
Օգնէ՜ ինծի, անծի՜ր Աստուած…
Ես` անկարկաջ առուակ եւ խափանեալ ջրվէժ…
Ես` ուսուցիչ անուս եւ վարանեալ վարդապետ,
Ես`...
Սուրբ Մեսրոպ — Տեսիլքը
Ո՜Վ ՀՐԱՇԱԼԻՔ, ո՜վ հաւատքի աննիւթական հուր,
Ո՜վ զարմանագործ զօրութիւն,
Ո՜վ բոցեղէն բժժանք, ո՛վ անլոյծ խորհուրդ,
Ահաւասիկ Քերովբէ մը մրափին մէջ Մեսրոպին,
Իր աջ ձեռքո՛վն լուսագիծ՝
Ակնթարթ մը՝ մենաստանին որմին վրայ
Հայկազնեան Այբբենարանը տառագրեց...։
Յանկարծ՝ Սուրբը մեծ Տեսիլքէն ցնորաշարԺ՝
Մեռեալի մը պէս ընդոստ ոտքի,
Փետուր գրիչն եւ տախտակն ի ձեռին,
Հրաշքին տակ արտասուելով,
Որմին առջեւ անհունօրէն ծնրադրեց...։
Սուրբ Մեսրոպ — Գյուտին փառքը
Մեսրո'պ, հայ դարերուն դիմաց կեցող՝
Դուն ադամանդյա ապառաժ,
Դուն մանուկներու մերկ ուղեղեն
Մինչև հանճարը ցոլքեր ցանող,
Գիտակցությանց անգյո'ւտ փարոս...
Դուն, որուն կոփյունը կռանին,
Ժամերուն պես, րոպեին հետ անդադար,
Իմացական թանգարանի՜ն արձանները մեզ կը ձուլե...
Դուն աննինջ հսկող, դուն տիտանյան Տեսանող,
Դուն Օրորոցեն մինչ գերեզման,
Մեր մեն մի խոսքին մեն մի շունչին,
Գեղեցկաձայն բացատրիչ...
Դուն բարբառի արարիչ, Բանի իշխան,
Դուն անբավ բավիղ տևողության,
Դուն գոյացության արգավանդ հայր,
Դուն լույսի անիվ, դուն հավատքի հրավեր,
Դուն հայրենի հողին վրա մրրկին պես բարձրացող
Անտա՜ռ անհուն, անտա՜ռ սրտի,
Որուն մեր մի հաստատաբուն ծառերն հսկա,
Մեկ մեկ քնար, մեկ մեկ փանդիռ են մեր շունչին...
Մեկ մեկ շեփոր մեր հագագին ռազմական,
Մեկ մեկ պատնեշճակատագրի՜ պատուհասին...
Դուն անվատնելի ցորյանի դաշտ, դուն ձրի՜ հաց,
Դուն հունձք հարուստ, և դուն հնձան հրաշեկ,
Դուն արբեցությանց և գինիի ավազան,
Որուն մեջ ե'ս ալ ոսկի սափորս եմ մխրճեր...
Արևներու ծարավես խենթ...
Պարը
Նամակ Առաջին
Եւ արցուն
քներն իրեն կապոյտ աչքերուն մէջը խեղդուելով,
Մոխրադաշտի մը վրայ, ուր հայ կեանքը դեռ կը մեռնէր,
Այսպէս պատմեց մեր սարսաբին ականատես Գերմանուհին.
-- Այս անպատմելի պատմութիւնը, որ ձեզ կ՚ընեմ,
Ես իմ անգութ աչքերովս այս մարդկային,
Իմ անվտանգ տնակիս գեհենադիր լուսամուտէն,
Ակռաներս կրճտելով ու զայրոյթէս զարհուրելի…
Այս աչքերովս անգթօրէն մարդկային, ես տեսայ։
Մոխրակոյտի վերածուած Պարտէզ քաղաքին մէջն էր,
Դիակները դիզուած էին մինչեւ կատարը ծառերուն,
Եւ ջուրերէն, աղբիւրներէն, առուներէն եւ ճամբէն,
Ձեր արիւնին կարկաչիւնն ըմբոստաձայն…
Դեռ ականջիս իր վրէժն ահաւասիկ որ կը խօսի…
Օ՜, չի սոսկաք, երբ անպատմելի պատմութիւնս ձեզի պատմեմ…
Թո՛ղ մարդերը հասկնան, մարդուն ոճիրը մարդուն դէմ,
Երկու օրուան արեւին տակ, գերեզմանին ճամբուն վրայ
Մարդուն չարիքը մարդուն դէմ,
Թո՛ղ աշխարհիս բոլոր սրտերն իմանան…։
Այդ մահաշուք առաւօտը կիրակի էր,
Դիակներուն վրայ ծագող դեռ առաջին եւ անօգուտ կիրակին,
Երբ սենեակիս մէջը, իրիկունէն մինչեւ արշալոյս,
Դաշունահար աղջկան մը հոգեվարքին վրայ ծռած…
Արցունքներովս անոր մահը կը թրջէի…։
Յանկարծ հեռուէն սեւ խուժան մը անասնական
Քսան հարսներ իրենց հետ՝ մոլեգնօրէն մտրակելով,
Շուայտութեան երգերով, այգիի մը մէջ կանգնեցան.
Ես կիսամեռ խեղճ աղջիկն իր խշտեակին վրայ լքած,
Դժոխհայեաց պատուհանիս պատշգամին մօտեցայ…։
Այգիին մէջ սեւ խուժանն անտառացաւ։
Վայրենի մը՝ հարսներուն —Պէտք է պարէ՛ք, որոտաց,
Պէտք է պարէք, երբ մեր թմբուկը հնչէ։
Եւ մտրակներն սկսան մահակարօտ հայ կիներուն՝
Մարմիններուն վրայ կատաղութեամբ մը շառաչել…։
Քսան հարսերն ձեռք ձեռքի, իրենց շուրջպարն սկսան…
Աչուըներէն իրենց արցունքը վէրքերու պէս կը հոսէր,
Ա՜՚հ, ես ո՜րչաբ նախանձեցայ իմ դրացի վիրաւորիս,
Որովհետեւ լսեցի, որ հռնդիւնով մը հանդարտ,
Տիեզերքն անիծելէն, խեղճ հայուհին գեղադէմ,
Իր տատրակի շուշան հոգուն դէպի աստղերը թեւ տուաւ…։
Ունայնօրէն կռուփներս ամբոխին դէմ շարժեցի…
«Պէ՛տք է պարէ՛ք, կ՚ոռնար խուժանը մոլեգին,
Մինչեւ ձեր մահը պէ՛տք է պարէք, դո՛ւք անհաւատ գեղեցիկներ,
Կուրծքերնիդ բաց՝ պէտք է պարէք, մեզ ժպտելով եւ անտրտունջ…
Յոգնութիւնը ձեզ համար չէ, ո՛չ ալ ամօթը ձեզ համար,
Ստրուկներ էք, պէտք է պարէ՛ք եւ մերկանդամ եւ հոլանի,
Մինչեւ ձեր մահը՝ պէտք է պարէ՛ք պագշոտօրէն եւ ցոփութեամբ,
Մեր աչքերը ծարաւի են ձեր ձեւերուն եւ ձեր մահուան…։»
Քսան հարսներն գեղադէմ, գետին ինկան պարտասած…
«Ոտքի՛ ելէք», գոռացին, մերկ սուրերնին օձերու պէս շարժելով,
Յետոյ մէկը սափորով մը քարիւղ բերաւ խուժանին…
Ո՜վ մարդկային արդարութիւն, թո՛ղ ես թքնեմ քու ճակատիդ--
Քսան հարսներն շտապով այդ հեղուկով օծեցին…
«Պէ՛տք է պարէ՛ք, որոտաց, ահաւասի՛կ ձեզի բուրմունք մը,
որ Արաբիան իսկ չունի…»
Յետոյ ջահով մը բռնկեցուցին մերկ մարմինները հարսներուն.
Եւ ածխացած դիակները պարին մէջէն դէպի մահը գլորեցան…
Զարհուրանքէս՝ պատուհանին փեղկերը՝ փոթորիկի մը պէս փակելով՝
Իմ մենաւոր մեռեալիս մօտենալով հարցուցի.
Ի՞նչպէս փորել այս աչքերս, ի՞նչպէս փորել, ըսէ՛ ինձ…։
Սիամանթո
1878-1915
(Ատոմ Եարճանեան)
Որդին իր հօրը
«Հա՜յր իմ, դեռ մինչեւ ո՞ր արեգակն ես՝ քու որդիդ, քեզ անծանօթ,
Եւ դուն իբրեւ օտարական պիտի ապրինք…։
Եւ քու արիւնդ երակներուս մէջ թո՛ղ եռայ,
Թո՛ղ աչքերուս մէջն ես մինչեւ այսօր ցոլացնեմ
Յիշատակն աչքերուդ,
Թո՛ղ իմ սիրտս քու սիրոյդ համար ողողուի…։
Թո՛ղ հասակս սկսի քու հասակիդ յար ու նման
Պարմանիի պայծառութեամբս ուռճանալ…։
Թո՛ղ երազներս քեզմով լեցուին,
Թո՛ղ իմ միտքս իր թեւերովն, վայրապար,
Թռիչ առնէ, իր ստեղծիչը որոնելու…
Այս ամէնը ցնորքներ են ինծի համար,
Մինչեւ որ քու շրթունքներդ հայրական
Չի մօտենա՜ն, իրենց հուրովն, այս ճակատս սպիտակ,
Չի մօտենա՜ն այս ճակատս երազիս մէջ համբուրելու։
Հա՜յր իմ, ես այն ճիւղն եմ զօրաւոր, դալարագեղ այն ծառին,
Որ յոգնութեանդ օրերուն քու նեցուկդ պիտի ըլլայ…։
Ես այն ջուրն եմ, հպարտութեան ապառաժէն դո՛ւրս ցայտող,
Որ ծարաւիդ ժամանակ
Բաժակներուդ ադամանդէն պիտի յորդի՜…
Ես փեթակիդ այն ժիրաժիր մեղո՜ւն եմ,
Որ դառնութեան օրերուդ
Պնակիդ մէջ իր ոսկեղէն մեղրը պիտի հիւթէ…
Ես դալարի՜քդ եմ, ծաղկաստա՜նդ եմ, քու այգի՜դ եմ…։
Ես այն վայրն եմ, ուր յոգնած հայր մը պէտք է հանգչի…։
Ես այն լարն եմ տիեզերքի այն տաւիղին,
Որ միմիայն որդին գիտէ իր հօրն համար հնչեցնել…։
Ես Ովասիսդ եմ, հովանիդ եմ արեւին տակ,
Ես արեգա՜կդ եմ քու յոյզերու կամ մրրկի օրերուդ…։
Ես էութիւնդ եմ եւ սկիզբն եմ քու վախճանիդ,
Իմ մէջն է որ դուն ինքդ՝ կեանքէդ յետոյ, պիտի ապրիս…։
Ի՜նչ առհաւութիւն, ի՜նչ խորհուրդ, ի՜նչ գաղտնիք…։
Ինծի ըսին, թէ աչքերուս մէջ քու կերպարանքդ կ′արտացոլայ…
Եւ բիբերուս մէջն ես քու դեմքդ նշխարներո՜ւ պէս կը պահեմ,
Բայց չե՛մ ուզեր իմ կարօտէս արցունքներովս պղտորել զայն,
Մինչեւ որ քե՜զ գրկելով՝ իմ սարսուռէս չարտասուեմ…»։
Գիւտին փառքը
Մեսրո՛պ, հայ դարերուն դիմաց կեցող՝
Դուն ադամանդեայ ապառաժ,
Դուն մանուկներու մերկ ուղեղէն
Մինչեւ հանճարը ցոլքեր ցանող,
Գիտակցութեանց անգի՛ւտ փարոս...
Դուն, որուն կոփիւնը կռանին,
Ժամերուն պէս, րոպէին հետ անդադար,
Իմացական թանգարանի՜ն արձանները մեզ կը ձուլէ...
Դուն աննինջ հսկող, դուն տիտանեան Տեսանող,
Դուն Օրորոցէն մինչ գերեզման,
Մեր մեն մի խօսքին մեն մի շունչին,
Գեղեցկաձայն բացատրիչ...
Դուն բարբառի արարիչ, Բանի իշխան,
Դուն անբաւ բաւիղ տեւողութեան,
Դուն գոյացութեան արգաւանդ հայր,
Դուն լոյսի անիւ, դուն հաւատքի հրաւէր,
Դուն հայրենի հողին վրայ մրրկին պէս բարձրացող
Անտա՜ռ անհուն, անտա՜ռ սրտի,
Որուն մեր մի հաստատաբուն ծառերն հսկայ,
Մէկ մէկ քնար, մէկ մէկ փանդիռ են մեր շունչին...
Մէկ մէկ շեփոր մեր հագագին ռազմական,
Մէկ մէկ պատնէշ ճակատագրի՜ պատուհասին...
Դուն անվատնելի ցորեանի դաշտ, դուն ձրի՜ հաց,
Դուն հունձք հարուստ, եւ դուն հնձան հրաշեկ,
Դուն արբեցութեանց եւ գինիի աւազան,
Որուն մեջ ե՛ս ալ ոսկի սափորս եմ մխրճեր...
Արեւներու ծարաւէս խենթ...
Դուն մեծաթափանց նայուածքներով առաքեալ,
Դուն էիր որ զքեզ երգող ցեղդ այսօրուան,
Հելլեներէն եւ հանճարեղ եւ հրավառ
Ու աշխարհակալ մեծ Հռովմի որդիներէն,
Ու հրապաշտ Պարսիկներէն դրացի,
Մայր-բարբառիդ հիմնաքարովն յակինթ,
Հայկազնեանց մեր շառաւիղն ազատեցիր...
Դուն երկրո՛րդ Աստուած,
Եւ մտածման դուն առաջի՛ն արարիչ...
Դուն բեղո՛ւն բարիք, սրտի՛ աղբիւր,
Գոյներու գանձ, գրութեա՛նց գահ,
Դուն թռչող դարերն մէկզմէկու կամարող
Կամուրջ անգիծ, ուրկից ցեղդ միլիոններով
Կամ պերճօրէն կամ վատաբար,
Կեանքէն ի մահ կուգայ կ'անցնի...
Դուն Հելլեներէն հռչակուած,
Մեծատիտղոս Ակումիտ,
Ո՜վ մենակեաց, ո՜վ Մագիստրոս, ահաւասիկ
Երկու Հայքերն, «Ովսաննա՜ քեզ» կը գոռան...
Եւ ովսաննա Վաղարշապատի Հայրապետին՝
Սահակ Պարթեւ զուգակշիռ արբանեակիդ,
Եւ Վռամշապուհ Արքային,
Որովհետեւ քու մեծ գիւտիդ զօրավիգ,
Մեկն իր խաչին, միւսն իր Սուրին համազօր
Քու քայլերուդ հետ քալելով՝
Արարատեան արշալոյսին,
Դպրութեանց դուռը մեզ բացին...
Ա՛հ, ամբողջ արիւնը քու ուղեղիդ,
Ի՜նչ տենդերէ որպիսի՜ տենդ,
Եւ սարսուռներէ ի՜նչ սարսուռ,
Ի՜նչ գեհենական գալարումէ գալարում,
Եւ վարանքէ վարանք եւ վարկածէ ի վարկած,
Եւ ծովային ծփանքներէն ի ծփանք,
Այլակերպիչ նժարէ մը ուրիշ նժար,
Եւ կշիռէ ի կշիռ, զքե՜զ տարաւ,
Եւ մեն մի հիւլէն քու հոգիիդ,
Մեն մի ճաճանչը քու աչքերուդ,
Մեն մի կաթիլը քու հանճարիդ կայծերուն,
Հողմային հեւքդ եւ խոլ թափը թռիչներուդ,
Աղօթքներուդ յորձանքներն հրեղէն,
Քառասուն օր՝ տիւ եւ գիշեր,
Մենութեանդ մէջ, Մեռեալի մը պէս մենաւոր,
Զքեզ դեպի Տեսիլքդ տարին...
Եւ անուրջի մէջ ծնանող ծաղկի ծիլէն,
Ու բողբոջէն դեռ անբոյս,
Դուն մարող լոյսէն, դուն տեսլական ստուերէն,
Անգոյն գծէն եւ երազի վսեմ վարդէն,
Դուն ոլորտէն, անձայն շեշտէն, անգոյն բառէն,
Դուն ծածանող եւ անարմատ ծուեններէն,
Դաշնակցութեանց Ալփաբետան ստեղծեցիր...
Եւ Չորրորդ դարու Ոսկի սեմէն,
Մինչեւ մեր օրը, մեր արիւնովը մթին՝
Ահաւասիկ Հայ Հանճարը բազմալար,
Քու ձեւերուդ մէջ կը ձուլուի...
Ո՜վ անլուծելի առեղծուած,
Ո՜վ ջղերո՛ւ կայծակէ խուրձ,
Արեան հնոց, անուրջներու անբիծ ծաւալ,
Ո՜վ զարմանալի եւ տեւական զգայախաբ,
Քնարական ահեղաբի՛բ քիմեռատես,
Դուն Աստուածագիծ ծիածան...
Հաշտութեան հուրը մեզ բերող,
Դո՛ւն, տարակոյսին եւ տարտամին տիրապետ,
Դո՛ւն տարօրինակ եւ տարագիծ գմբեթ...
Դո՛ւն մեծ կրքերու կրօնաւոր,
Ա՛յր Աստուծոյ, մտքի՛ եղբայր, քնարի՛ քոյր,
Քու բաժակէդ թո՛յլ տուր որ ես ալ ըմպեմ...
Եւ այսօր, քու սրբութեամբդ սնած՝
Ես ապաժաման քնարահար,
Եւ անվճար ու անարժան երախտագէտ,
Ես՝ քու ցեղիդ հոգիին հայելին քեզ կը բերեմ...
Աչքերուս մեջ անոր աչքէն հուր առի...
Ու իմ խօսքերս անոր սրտէն եմ քաղեր,
Եւ ի՛նչ որ կարդաս ճակտիս վրան,
Ի՛նչ որ կարդաս ժպիտիս մեջ,
Անոր Յոյսո՜վն եմ ես գրած...
Եւ թոյլ տուր այսօր, ո՜վ Մեսրոպ,
Որ Հայոց հողէն մինչեւ աստղերը հասնող
Քու ոսկիէ սանդուխէդ վե՛ր բարձրանամ,
Եւ հաստատաքայլ, աստիճանէ աստիճան
Ու պսակէ ի պսակ եւ լոյսէ ի լոյս,
Իբր զաւակը մտածումիդ,
Ես ի քե՛զ գամ, իմ այս երգս երգելու...
Կովկաս
Նուէր կովկասահայ ընկերներուս
Ի՜նչ ոսկեղէն դարագլուխ է այս, եւ շղթաներու ի՜նչ զայրագին փշրտում.
Ի՜նչ ընդհարում ճակատ ճակատի, եւ հաւատքի ի՜նչ յաղթանակ.
Ի՜նչ երկաթակուռ հարուած բռնապէտութեան անխախտելի օրէնքներուն.
Ի՜նչ արիւնի հեղեղում քեզ անարԺան թշնամիիդ վայրագ շարքերէն,
Եւ դիակի ու բացուած լանջքերու ի՜նչ արդարաշար մեռելակոյտ,
Մեր բոլորին վրիԺածարաւ աչուըներուն առջեւ...
Կովկա՜ս, յաղթականօրէն դուն եղար, որ յայտնութիւններուն գերագոյնը ըրիր.
Քու բազուկներուդ հուրին մէջն էր գետնահարող զօրութիւնը Ցեղին,
Քու մտածումիդ մէջն էր որ ծնաւ կարմիր արեւը յուսահատեալ Յաղթութեան,
Քու արիւնիդ մէջն էր որ վառեցաւ ճշմարիտ արիւնը երազուած Ընդվզումին.
Եւ այսպէս իրիկուն մը քու զինավառ ձեռքերդ ազատութեան աստղերուն նիզակուեցան,
Թշնամի երկինքներուն չարիքի կամարներէն կորզելու
Քիչ մը լոյս, քիչ մը կեանք, քիչ մը սէր եւ քիչ մը երազ ՝
Քու խռովեալ սերունդիդ եւ ի քեզ ակնդէտ ու տառապող եղբայրներուդ համար։
Օ՜, փառք քեզի, եւ փառք շանթամարտ հպարտութեանը քու լեռներուդ,
Կարծես անոնց ապառաԺներուն յաւիտենական տարրերէն են կառուցուած ՝
Անպարտելի հասակները քու սեւահեր ու հրաչուի որդիներուդ,
Քու անտառներուդ ահագնաթափ փոթորիկը գիշերական...
Անոնց զինուորեալի կուրծքերուն մէջ իր հսկայական հեւքը դրաւ.
Քու հովիտներդ Անոնց քայլերուն առջեւ Յոյսին ճամբաներուն պէս կանանչացան...
Եւ քու հողմերդ Անոնց շունչին մէջէն փրկութեան Ժամը շեփորեցին։
Քու ծոցիդ մէջն է, քու սրտիդ վրան է, քու արեգակիդ տակն է,
Եւ հարազատ եւ անպարտելի եւ անվեհեր զանգուածը մեր հինաւուրց Ազգին,
Մեր նսեմացեալ ճակատները այդտեղ է որ վերջապէս իրենց մութէն պայծառացան,
Այդտե՛ղ էր, որ սկսաւ պայքարի սուրերուն ամէնէն արդարը շողալ,
Այդտե՛ղ էր, որ Ժողովուրդը իր իրաւունքը իր կռուփովը պահանջեց,
Այդտե՛ղ էր, որ կատաղութեամբ զարկաւ եւ հպարտօրէն զարնուեցաւ,
Այդտե՛ղ էր, որ արդարութի՛ւն որոտացողի իր ճակատը փառակերտ ՝
Արեւմուտքի աշխարհներուն դիմաց ջահերու պէս ցոլացուց,
Այդտե՛ղ էր, որ իր անէծքի եւ պԺգանքի թուքը թագակրին նետեց,
Եւ այդտե՛ղ էր, որ վերջապէս Անիրաւութիւնը օր մը ամօթահար պարտուեցաւ,
Եւ քեզի համար, այդտե՛ղ է որ այսուհետեւ կոթողները Փառքին,
Մարմար առ մարմար սերունդիդ ձեռքերովը պիտի բարձրանան...
Զա՛րկ, Կովկա՜ս, աւերակեալ ու արցունքոտ
Հայաստանին աչքերը քեզի կը նային.
Ան գիտէ, որ քու թշնամիիդ ատելութիւնը իր
թշնամիներէն է որ կը բղխի,
Երբ իր գերեզմանին մոխիրը իր գուԺկան հովերուն հետ
եկաւ ճամբաներդ սգաւորել,
Երբ իր արիւնը եկաւ քու եղբայրական տանդ սեմերը թրջել,
Երբ իր կոտրտած բազուկը քու կտրիճի ձեռքերուդ ի խնդիր քեզի դողդոջեցաւ,
Թշնամին նոյնն էր այն ատեն, այն որ այսօր, քու պաշտպանի բազուկէն զարհուրած՝
Կ'ուզէ զայն ջախջախել, կարենալ տօնելու համար վերջնական մահացումը մեր Ցեղին...
Ուրեմն զա՛րկ, Կովկա՜ս, թէեւ գիտեմ որ քու ասպետական ձեռքերուդ հարուածին անարԺան է նա՛,
Զա՛րկ, թէեւ գիտեմ որ քու սուրիդ վեհութիւնը պէտք չէ՛ր արատաւորել
Այդ անբաններու խուԺանին թունաւոր ու պԺգալից արիւնէն...
Զա՛րկ, թէեւ գիտեմ որ հերոսները հերոսներու միայն կրնան ընդհարուիլ,
Զա՛րկ, սա անարգ Ճակատագիրը ջախջախելու եւ
Չարիքն ըմբերանելու համար,
Զա՛րկ, որովհետեւ ամէ՛ն Յոյս զՔեզ կը յուսայ եւ ամէն
Ապագայ զՔեզ կը պաղատի,
Զա՛րկ, վասնզի ամէն Ազատութիւն ու ամէն Արեւ քու հարուածիդ կայծերէն պիտի ծնանին.
Զա՛րկ, քու անթառամ սիրոյդ եւ ատելութեանդ չափին խորութեանը համեմատ.
Զա՛րկ, զա՛րկ, ահաւասիկ հորիզոնները կը կապուտնան, ահաւասիկ Առաւօտները կը ճեղքուին,
Զա՛րկ, ազատաբեր հարուածիդ շռինդը Մասիսէն ի Տաւրոս եւ մինչեւ Հայրենիքին խորերը կը թնդայ։
Յոյսին ճամբան
Ու անոնք, հսկայաձեւ ռահվիրաները մարմարեղէն
Յոյսին,
Ըմբոստացումներու ապառաԺներէն իրենց ճակատներն
արիւնած,
Բայց աչուըներնէն անասելի արհաւիրք մը արձակելով
Ու իրենց փշրող ակռաներուն տակ հրաշէկ դանակներ
տրորելէն ՝
Աւերակներու քառուղիի մը վրայ, այս իրիկուն
ՏԺգունութեանս հետ երես երեսի, ինծի ըսին.
«Ո՜վ դուն որ քու մատուըներովդ աչուըներդ փորեր ՝
Այս ընդվզումի ու խօլ երիվարումներու պահուն
Վճռական փոթորկումներուն անտարբեր՝
Այսպէս շրթունքներըդ դէպի Ցաւը կարկառած՝
Ու բազուկներդ, պաղատանքի մէջ, յոգնածօրէն դէպի
վեր,
Առաւօտէ առաւօտ ու իրիկուընէ իրիկուն,
Անշա՜րԺ, մեզի համար զոհուածներուն վրայ, եղբօր
մը պէս, բայց վայրապար ՝
Քու վէրք դարձած նայուածքներուդ բոլոր արիւնը
տուիր...
«Օ՜ նախ քու փորուած բիբերդ անհուն,
Մեր պաշտամունքի ջահերուն դարձո՛ւր,
Ու մտածումովդ մեզի ունկնդրէ,
Գիտենք որ դուն երազող մըն ես ու այլուրներէն
սթափեցար,
Ոգեւարներու աղերսող հռնդիւններէն հրաւիրուած,
Ու իրենց քարուքանդ մարմիններուն գալարանքէն
սարսափահար,
Անոնց վրայ քու երգերուդ թաղմանական հանգիստին
հետ,
Ձեռուըներուդ հանգչեցնող շարԺումները տարածելու...
«Բայց նուիրական Ցաւը ինքն իր մէջը ձգէ՛,
Ո՜վ դուն, ողջակիզումներու ուխտուած սպիտա՜կ տղայ։
Երբե՛ք պէտք չէ խաղաղութիւնը խռովել ինկածներուն
Եթէ նոյն իսկ նայուածքներուդ արիւնին աղբիւրներովն
ալ ըլլայ։
Ու դուն մտածումովդ այսուհետեւ, յաւերԺապէս
Փառքերու ճակատագրին սահմանուած
Աստուածային մարմարներու զանգուածներէն ՝
Քու Ձեւերուդ խենթութեանը համեմատ,
Եթէ կ'ուզես, Տառապանքը, դարերուն համար,
քանդակէ՛.
Բայց, մի՛ մոռնար, Անոր աչուըներն ու բերանը ու
հոգին, տարփօրէն,
ընդվզումի ստինքներուն կարկառելու...։
«Ու յետոյ ու մանաւանդ ըլլալու համար ԱՆ ՝ որ պէտք
է ըլլալ վերջապէս,
Այս մաքառումի ու ակնկալութեան օրերուն,
Ամբողջ երկիրը, ստուերիդ մէջէն, հոգիիդ հետ,
առանձին,
Հորիզոնէ հորիզոն քալէ՛ դուն,
Աւաններէն, ու դաշտերէն, ու արտերէն անծայրածիր,
Դէպի քաղաքներն, ու գիւղերն, ու հնձաններն հեռաւոր.
Ու քայլիդ վրայ անխոնջօրէն նորէն վերադարձիր,
Եւ մոլեգնաբար Մահը հոտոտէ՛,
Գիտե՜ս որ պէտք է բաղխուիլ անկէ,
Բանալու համար մեծ ճամբաները Յոյսին,
Որպէսզի, վերջապէս, Երազին ձիերը փոթորկանման
Մեր կամքին ձեռուըներէն դիւցազնաբար վարուելէն ՝
Յաղթանակին կատարները արձանանան...։
«Ու վայրկեան մը մթաստուերին մէջէն,
Եթէ կրնաս, անհունօրէն ետիդ դարձիր,
Ու տես մեռելներու հողէն Ժայթքումն յանկարծական
Որ գերեզմաններուն ու քանդուած քաղաքներուն
տակէն,
Մէկէն ի մէկ փրկութեան ոգումներէն շնչաւորուած՝
Մեր ետեւէն, այս իրիկուն, տենդօրէն ոտքի ՝
Դէպի Յոյսին բացաստանները պիտի քալէն։
Ու անոնց հաւատքին հրայրքը նայէ՛ ու սիրտ ա՛ռ,
Տե՛ս իրենց ծանր քարերն ու սեւ խաչերը փայտէ
Հողէն յոգնած ուսերնուն վրայ,
Տե՛ս իրենց պատանքներն իրարու արիւնէ կարմիր ՝
Խաւարներու հովերուն տարածած,
Ու տե՛ս, տե՛ս բոլորն ալ մէկ մէկու առջեւ կարծես թէ
ծնրադիր, տե՛ս,
Իրարու համար անգամ մըն ալ մեռնելու երդումները
կ'ընեն...։
«Ու ամէնքն ալ հոն պիտի ըլլան, այսօր, մեզի հետ,
Անոնք որ կոյր են ու անոնք որ անկար,
Ու անոնք որ իրենց վիզերը խելայեղօրէն
Մէկ մէկու հոգիի համար
Դէպի Եղեռնը երկարեցին...։
Ու անոնք ալ որ մեր վարպետներն եղան ընդվզումի,
Որոնց խօսքերը մեր խօսքերն են, այս իրիկուն,
Ու իրենց հոգին մեր պաշտամունքը առ յաւէտ։
«Ու տակաւին ամբոխը կայ անոնց ՝ որոնց սարսափին
աղէկ որ չընդհարեցար դուն,
Միայն մենք գիտենք թէ անոնց մարմինները ո՜րչափ
ամեհի են,
Ու իրենց աչուըներն ու շարԺումները ո՛րչափ ահարկու...
Ու այն արիւնը որ եղբայրներու գլխատումէն իրենց
մտքովն ըմպեցին
Օ՜, անոնց գանկերուն մէջը ՝ յաղթանակներու ծարաւէն
գինով արծիւներու
Անսահման թեւաբախումները բացաւ...։
«Ու դեռ մայրերը կան, արգասաբեր ու հերարձակ,
Որ վերը, վրաններուն մէջը դաշտավայրին,
Իրենց յուռթի ու լայն ու լուսաւոր կողերուն տակ,
Մեր վաղորդայնները նորէն փառաւորելու համար
Մոլեգին Դիւցազներու կարմիր երկունքը կ'ապրին...։
«Բայց հիմա որ առաւօտը պայծառօրէն մօտեցաւ,
Ու դուն մեր հոգիները ճանչցար,
Ո՜վ երազելէն ոգեվարող եղբայր,
Եկո՛ւր, որպէսզի մեր շրթունքները քու շրթունքներդ
ընդունին
Վայրկեանի մը ու յաւիտենականութեան մը համար...։
Ու դեռ Արիւնին նուիրական պղծումէն չկարմըրած՝
Սա՛ փայլակէ սուրը կտրիճօրէն ձեռքդ ա՛ռ,
Ու անով մեր ամէնուն սուրերը սա՛ աստղերուն
մաքրութեանը տակ,
Երդումներուն Երդումը ընելէն խաչաձեւէ՛...
Ու գէթ անգամի մը համար ՝ ինքնիրմէդ դուրս
գահավիԺելէն ՝
Եթէ կրնաս, մեզի հետ քալէ։ Ահաւասի՛կ ճամբան»։
Չարչարանքի երազ
Գարնան ու կոտորումներու իրիկուն,
Հոգիս վրէժի շատրուան մըն է նորէն կատաղօրէն դեպի վեր,
Ու տերեւներ յուսահատ հոգիներու նման`
Աւազաններուն պայծառութեանը մէջ ու բոլորին վրայ կ'իջնան,
Անդունդներու մէջէն սրածումներու ձայն,
Ու դէպի հոն օգնութեան աճապարող,
Արդէն մեռնող ճիչէր, արդէն մեռնող կեանքեր:
Ու նորէն այս գիշեր,
Տաճարներուն մէջ անմեղներու դիակներ անհամար,
Ու տանիքիս վրայ տեղատարափ մը երկաթեայ,
Հրդեհներու մրրիկ մը գանկիս տակ,
Ու տեղափոխուող ջուղերուն վրան
Խաչուած նահատակներ կ'երեւան...
Ու անձրեւի ու պատուհասի իրիկունով`
Վերահաս խողխողումներու արհաւիրք մը կը մրրկի...
Պարապ դագաղ մը մի խեղճ ձեռներուս հպումին տակ,
Ու մարմարեայ անսահման սանդուխներու կատարներէն...
Օ՜, օգնութեան եկէ՜ք, գլխատուած մարմիններ դէպի զիս կ'արշաւեն...
Բայց, ո՜վ դուք երեկոներու եւ չարչարանքի եղբայրական հոգիներ,
Փոթորիկին եւ բարբարոսներու խուժումէն առաջ, այս գիշեր,
Յամառօրէն ու արիաբար դուք ձեր ճամբան վճռեցէք...: