top of page

Զարեհ Խրախունի

         

Տօնազանգ

Տօնազանգ 

 

Ա.

 

Երկու տարի 

Տօնածառին երբ նայիմ

Ես զայն տարբեր կը տեսնեմ-

ինձ կը թուի թէ լեռ մ ’է ան հզօր յոյսի հաւատքի

թէ բուրգ մըն է - կոյտ կարօտին ու սիրոյ

կամ սանդուխն է դալարաւէտ որ դէպի վեր կը տանի...

 

Այս տարի

Ան ինձ համար զանգակ մըն է կանաչած հին արոյրէ

ոսկի արծաթ դրուագներով

գոյն գոյն ձեւ ձեւ գոհարներով աշխատուած 

Որ ով գիտէ

Հայրենական ո՞ր լեռներու կողին թառած սուրբ վանքէն 

Ո՞ր տաճարէն հոյազանգ

Դարակուտակ ղօղանջներն իր սէգ կուրծքին տակ ամփոփած

Եկեր բազմէր է այստեղ - թուխսի նստած հաւու պէս

Ու կը թողու որ զարդարեն տօնախմբեն գովերգեն 

Մինչդեռ ինք 

Ականջ դրած կը սպասէ

Հարուածներուն որոնք կտուց պիտի զարնեն անխափան

Ճակատագրի ժամացոյցէն անյեղլի...

 

Ծառին վրայ

Փոքրի նախշուն զանգակիկները բոլոր

Կը թրթռան կը դողդողան կը թռթռան արդէն իսկ

Ղօղանջով մը հեռաւոր...:

26.12.1985

 

 

Տօնազանգ

 

Բ.

 

Երկու տարի առաջ էր

- Ինչպես ամէն Կաղանդի -

Քերթուած մը գրեր էի - Տօնազանգ

որ կտրատուած կրճատուած

ու փոփոխոըած քանի հեղ

Լոյս տեսեր էր վերջին տեղերն այս ձեւով.

«Ծառին վրայ

Փոքրիկ նախշուն զանգակիկները բոլոր

Կը թրթռան կը դողդողան կը թռռվռան արդէն իսկ

Ղօղանջով մը հեռավոր» :

Հիմա ահա

Այդ ղօղանջն է եկած հասած հեռուներէն խորերէն

'ինչպէս յոհակն ովկիանի -  ինչպէս հովը հիւսիսի 

լեռնակուտակ լուսապայծառ զորավար

Որ կ ’ամոքէ կարօտավառ կուրծքերը թաց արցունքէ

Որ կը թնդայ աղոթքին պէս բաց ափերուն

Կը փոթորկէ կը տատանէ գերարբշիռ

Բոլոր ծառերն հիմա անսանձ խրախճանքի յանձնուած

որ ոստերով ծափ կը զարնեն

գաղտագողի իրարու դէմ կը նազեն

ու կը խայտան կը պարեն...

 

 Ոչ ոք ոչ ոք կը տեսնէ - 

Հովերուն դէմ սովորական

օրոր-շորոր երերտուք է կը  կարծեն.

Ոչ ոք ոչ ոք կը լսէ

Թրթռացումն ահեղագոռ ղողանջին

Որ նման է երկրաշարժի ալիքներուն նախայայտ...

 

Միայն ծառերն 

սպասման մէջ հանդիսական օրերուն

Շռայլօրեն պճնուած

հազար ու մէկ զարդերով

փոքր ու սիրուն զանգակներով հեռազգաց - 

Միայն ծառերն հաւատաւոր

Մոմեր վառած, հարսնացած:

18.06.1987

 

 

Քար կաթիլներ քերթողագրքից 1964

Քար

 

Ճամբու եզրին,

Արեւուն տակ

Նստեր եմ քար կը տաշեմ

 

Ճամբան մեծ է -

Փառքի երակ է բաբախուն

Ուր կեանքը խօլ շառաչելով կը վազէ

 

Ես նստեր եմ

Արեւուն տակ

Քար կը յղկեմ շարունակ

 

Մեծ ճամբայէն մարդիկ կ ’անցնին կառքեր կ ’անցնին սրարշաւ

Փայլատակող ապակիին կամ մթասքօղ ակնոցներուն ետեւէն

Չեն տեսներ զիս - 

 

Ես միայնակ

Արեւուն տակ

Նստեր եմ քար կը կոփեմ

 

Ոմանք կուգան կանգ կ ’առնեն

Երկար բարակ կը նային - մէկ երկու բառ կը խօսին

Յետոյ կ ’առնեն կը քալեն

 

Ես կը նստիմ 

Ճամբու եզրին

Ու կ ’աշխատիմ անտարբեր

 

Ոչ ֆուլ ունիմ ոչ դադար

Ոչ քուն ունիմ ոչ հանգիստ

Կարծես բանէ մ ’հալածական ես բանիմ անոր դէմ

 

Ձեռքիս մեջ մուրճ ու գրիչ

Քարին վրայ կը հնչեն

Ժամացոյցի պէս վճիտ

 

Ճամբուն վրայ մինչ փարթամ

Մարդիկ կառքեր իրարու հետ կը մրցին - 

Ես կը փորձեմ հաւասարիլ թիքթաքին

 

Ու կը զարնեմ ես արագ

Աւելի շատ աւելի շուտ կը փորագրեմ կը հարթեմ

Բայց թե ի՞նչ  է - չէմ գիտեր

 

Ի՞նչ կը շինեմ - արձա՞ն մ’արդեօք ապագայի սերունդներէն պաշտուած

Քանդա՞կ  մը նուրբ յոյսի լոյսի տաճարներու ճակատին

խաչքա՞ր մը սուրբ հայրենական աւանդներուն կոթողուած

 

Թե քար մը պարզ

Քառակուսի սրբատաշ

Ճամբու եզրին խոտերուն մէջ մոռցուած

 

Ճամբու եզրին

Արեւուն տակ

Միսմինակ

15.09.1963

 

 

Ծովահայեաց գերեզմաննոց

Աշիյան

 

Ծովուն դէմ

Բլուր մը կայ - ալիք մըն է ցամաքի

Վրան կարծես ճերմակ ճայեր թառեր են

 

Առջեւէն

Ճայեր կ ’անցնին ալիքներու կատարին

Փրփուրի պէս սպիտակ

Ծովուն հետ ծուփ կ ’օրօրուին  - հովուն հետ յոյլ կը սահին

Մինչ քարերն

Երազներու ձիւնասպիտակ թռչուններուն պէս մեռած

Պաղած աչքով կը դիտեն

Վազքն անվախճան յարաշարժուն իրերուն

Որ - ըստ իրենց- հովուն ջուրին հոսանքով

Մինչդեռ իրօք ժամանակի յորձանքին  մէջ կը քշուին

Կամ - ըստ իրենց - դեպի կէտ մը կը դիմեն 

Մինչդեռ իրօք տեղքայլ աղին թաթխուած

Ու կարծրանան ծանրանան

Սուզին խորը անէութեան ովկիանին - իյնան հոս

Գերեզմանի քար մ ’իբրեւ

 

Արդ անոնք

Անխախտելի արմատ նետած յաւերժութեան հողին մէջ

Ու երկրաւոր այս դրախտին անհաղորդ

Կ ’ըմբոստանան կը բողոքեն կը տառապին կ ’ողոքէն

Թեւեր ձեռքեր կը շարժեն - նոճիներու չափ երկար

շոճիներու պէս դալար

Երբ նաւերը թաւ կը սուլեն ու կառքերն ալ կը սուրան

բամբ գոռալով փակ լռութեան դէմ անոնց

Երբ թռչունները փափկափետուր կը դայլայլեն կ ’ոստոստեն

ու կը ծրտին լիրբ մերկութեան դէմ անոնց

Երբ ծաղիկներ պարարտ հողէն վեր կը ժայթքեն գոյնզգոյն

եւ կը քսուին պաղ դալկութեան դէմ անոնց

Երբ կատուներ կուգան այնտեղ ձագ ունենալ ու կաթ տալ

ընկողմանած չոր ամլութեան դէմ անոնց

Երբ մանչ աղջիկ կուգան այնտեղ աչքէ հեռու սիրուըտիլ

նստած պառկած սին լրջութեան դէմ անոնց

Անոնք սաստիկ կը փոթորկին - կը խռովին ի խորոց

Կենդանութեան գաղտնիքն իրա՛ւ հասկցած

Նոճի շոճի ծառ ու ծղօտ կը հասկացած

Նոճի շոճի ծառ ու ծղօտ կը շարժեն

Սակայն իրենք կը մնան

Յաւիտենի արձանացման մէջ անշարժ

Ողջ գոյութեան շքեղանքի թքնուած

Անջնջելի արատներու պէս ճերմակ - 

Ոչնչութեան ցեցէն կերուած ծակերու պէս անհեթեթ:

8.07.1963

 

 

Ստուերներ

 

Ստուերի պէս

Ստուերի պէս կը հետեւին իրարու

Բայց ստուերներն իրարու հետ կը միանան - մինչ անոնք

Կը մնան դեռ բաժնուած

 

Երբ մին կանգնի ցուցափեղկի մը առջեւ

Աչքերուն վառ զմայլանքէն ինք ստուերի վերածուած -

Միւսը կուգայ կը խառնուի անոր հետ

Մինչեւ աչքերն անդին դառնան ու մթագնի ապակին

 

Երբ մին քաշէ վերնայարկի վարագոյրը համատարած մութի դէմ

Ներսի լոյսին բաբախումէն ինքն ալ շղարշ թափանցիկ -

Միւսը լոյսին բաբախումէն ինքն ալ շղարշ թափանցիկ -

Միւսը կուգայ ու կը լուծուի անոր մէջ

Մինչեւ զգան իրենց վերայ հազար աչքերն օձ քաղաքին - ու փախչին

 

Երբ մին կենայ մայթին վերայ դրան մէջ - երբ մին հանուի հայելիին դէմ հիացիկ

Աչքին առջեւ փողոցի ծեր լապտերին - զարդախուցի ցած լամբարին քթին տակ

Միւսը  կուգա ու կը ձուլուի անոր հետ

Մինչեւ հասնի ձեռք մը երկար - մարէ լոյսը ամոթխած

Օ՜ ստուերներ

Ստուերներ կան- կը հետեւին կը մօտենան կը նոյնանան իրարու

Մինչդեռ անոնք- բոլոր անոնք որ կը կարծեն ստուերի մը տէ՛րն ըլլալ

Միանան իսկ կը մնան միշտ երկու հատ:

 

 

Ես և ուրիշներ  քերթողագրքից 1964

Ուրիշներ

 

ինքնաշարժին 

Հանրակառքին հանրաշարժին 

Շոգեկառքին շոգենաւին

Կամ պարզապէս նստած տունիս

Պատուհանէն

Ես կը ժպիտմ իմ բիբերով

Կը բարեւեմ թարթիչներով

Կը համբուրեմ իմ կոպերով

Բոլոր տղաքն ու մարդիկ - բոլոր կիներն անխտիր

Որոնք կ’երթան զիրենք գրկող իմ նայուածքէն անտեղեակ

Այս  անանուն տողանցքին մէջ

Իբրեւ դիտող մ’անտարբեր

Կամ տողանցող մ’անգիտակ

Մինչ ես կ’անցնիմ սրարշաւ - կամ պարզապէս պատուհանէս կը դիտեմ...

 

Աչքերուս մէջ

Ժպիտ ունիմ բարեւ ունիմ համբոյր ունիմ ամէնուն - 

Մարդով լեցուն

Ինքնաշարժին որ կը սուրայ ճչալով

Հանրակառքին հանրաշարժին որ կը տքան մարդով յորդ

Շոգեկառքին շոգենաւին որ կը սուլին ու լը մեկնին մարդ բեռցած

Կամ պարզապէս

Պատուհանիս անցորդներուն անհամար

Որոնք ակնարկս իրենց ուղղուած` կա՛ չեն տեսներ բացարձակ

Կա՛մ  երբ տեսնեն` զիս խենթի տեղ կը դնեն...

 

Մինչդեռ ես

Փողոցին մէջ մայթին վրայ - քարափին

Ամէնուն մէջ երբ կեցած

Արագընթաց եւ կամ անշարժ պատուհանէ պատուհան

Ուրիշներու բիբէն ներս

Իմ ժպիտիս իմ բարեւիս իմ համբոյրիս կը ձգտիմ -

Կը գտնեմ լոկ ապակիներ ապակինե  ֡֘ր թափանցիկ

Պաղած աչքեր ձիգ դէմքերու ագուցուած

Ապակիէ ցոլացիկ...:

6.9.1964 

 

 

Նավակը 

 

Ցամաք քաշուեր

Ու մէկ կուշտին ինկեր պառկեր է այդպէս

Աւազներուն ու քարերուն ու սէզերուն վերայ նեխած…

Աչքի մը պէս կիսախուփ

Չինացիի աչքի պէս

Հեռուներուն արհամարհանքը կը դիտէ

Եւ լայնաճեմ տողանցումը ամբարտաւան ամպերուն…

Նուրբ շրթներովն անցելաշուք տիկինի

Ու ժպիտով մը միամիտ, մշտասեւեռ ու հիւանդ

Ան կը ժպտի շարունակ

Չորս հովերուն որ կուգան չորս ծագերէն

Փչում մը բոր կը բերեն, ու փոխարէն

Շունչ մը հոգի կը տանին…

 

Քիչ մը անդին

Ծովն է պառկեր անհունութեան պէս շքեղ

Եւ ցանկալի եւ անառիկ եւ ահեղ

Որ գոռումով գոչումով

Հազար խաղով ու նազով

Դէպի ծովափ իր  ալիքներն ըղձալի   ֡֘  պէս կը փրփրէ

Եւ կապոյտով լազուարթով կանանչով

Հորիզոնի իր կանչով

Կը մռնչէ, մը մրմնջէ, կը ննջէ…

 

Ու ծեր նաւորդն ամէն առտու իրիկուն

Դոյլ մը առած դէպի ծովեզրը կ՚երթա

Ու կը դիտէ ու կը շնչէ խորունկ ու լո՜ւռ ու երկար…

Յետոյ դոյլով քիչ մը կանանչ, քիչ մը կապոյտ

Քիչ մը փրփուր, քիչ մը ծփանք, ալեկոծում ան

կ’առնէ

Եւ կը տանի

Աւազներուն ու քարերուն ու սէզերուն վրայ պառկող

Նաւաին

Որպէսզի ան չկարկամի, չճաթի…

5.11.1955

 

 

Ձուկեր

 

Չեմ գիտեր թէ գիտէ՞ք - գիտէ՞ք չեմ գիտեր

Աւազան մը կայ - մեծ աւազան մը - աւազան մը մեծ

Անծայրածիր պարտէզին մէջ Ֆօնթէնպլոյի

Աւազան մը կայ խաղաղ երեսով խաւար ջուրերով

Պարզ երեւոյթով պիրկ մակերեւոյթով

Որուն եթէ քարի կտոր մը նետէք - հացի փշրանք մը նետէք

Կ’ուռի յանկարծ այտուցի պէս - կը բորբոքի ընդերքէն

Կը խառնակի խորհրդաւոր խլրտումով մը խորունկ

Լավայի պէս կը բարձրանայ թանձրամած

Կ’եռայ - կարծես կրակ իյնար յատակին

 

Չեմ գիտեմ թէ գիտէ՞ք արդեօք - գուցէ գիտէք - չեմ գիտեր

Դրախտանման պարտէզին մէջ - դղեակին քով Ֆօնթէնպլոյի

Աւազան մը կայ - աւազանին մէջ ձուկեր

Ձուկեր ձուկեր անհամար - աւազանին մէջ ձուկեր

Դարեր ամբողջ բազմացած - միատեսակ նոյնահասակ ծածաններ

Իրարու քով իրարու տակ անշարժ կեցած սեղմուած

Անօթութենէն աչքերը դարձած

Բերանը բացած խածնելու համար պոչը քովինին

Իւրաքանչիւրը քաղցած ուրիշին - լափելու պատրաստ

Լափուելու պատրաստ - վախէն քարացած

Սպասումին մէջ ուշացող մահուան մէկուն կամ միւսին

Անդորրաւէտ պարտէզին մէջ Ֆօնթէնպլոյի - սօսափուն ստուերին տակ հնաւուրց շագանակենիներու

Աւազան մը կայ ձուկերով լեցուն ջուրէն աւելի

Որուն եթէ

Քար մը նետէք - հարիւր գլուխ կը պատռի

Հաց մը նետէք -հազար բերան կ’ երկարի

Վիրաւորին արեան համէն - չոր ու ցամաք հացին հոտէն սրարբած

Հատու հատու ակռաներով հազար երախ կը բացուի

Ու կը տեսնէք թէ ինչպէս

Լման ձուկեր կ’ ոչնչանան մէկ վայրկեանէն յօշոտուած

Եւ ուրիշներ որ զարհուրած իրենք զիրենք դուրս կը նետեն

Աւազանին ջուրէն դուրս

Բաց օդին մէջ հողին վրայ կ’ ուզեն մեռնիլ շնչասպառ

Ու չեն կրնար - աւազանին մէջ կ’իյնան

Օր մը մնեք ալ

Մենք ալ այսպէս - ճիշտ այսպէս

մարդոց միջեւ մարդոց ներքեւ ճնշուած - բազմութենէն շնչահեղձ

Մարդեղութեան տանջանքէն ալ կեանքի վայրագ ջանքէն ալ

Մոլեգնօրեն նողկացած

Պիտի ուզենք մեր աշխարհէն դուրս նետուիլ

Անջրպետի միայնութեան եւ բացարձակ զէրոյին մէջ կորսուիլ

Յաւերժանալ աստեղային եւ պարապութեան ցուրտ ծոցին մեջ անյատակ -

Սակայն պիտի չկրնանք:

27.10.1963

Տօնակարգ 1973

Հոգեհանգիստ

 

Հոգեհանգիստ բոլոր անոնց, որ գերեզման չունեցան-

Անդորրութի՜ւն խոպաններուն, ճահիճներուն ու գետերու ջուրերուն

Ճամբաներուն անվերադարձ որ ոչ մէկ տեղ կը տանին

Ու կը խրին փոշիներու լռութեան մեջ անպատում…

 

Հոգեհանգիստ բոլոր անոնց որ պարապ տեղ զոհուեցան

Խաղաղութի՜ւն խռովքներուն, ափսոսանքին, զղջումներուն, զայրոյթին

Սաստ սա բախտին որ մեզ լեզու դեռ կը հանէ ծեր հտպիտի մը նման

Դուլ  ու դադա՜ր ճակատագրի կոյր գլանին որ կը ճնշէ ու կը ճզմէ անդադրում…

Հոգեհանգիստ բոլոր անոնց որ դուռն ինկան շատերուն-

Ապաշխարանք ու քաւութիւն՝ անհամեմատ մեզմէ հզօր, մեզմէ հարուստ

Այլ պարտական վատերուն

 

Աղոթք արցունք աշխարհով մէկ ցրուած լքուած անիթիվ լացի պատերուն

Ներում շնորհ տգիտութեան, անփորձութեան, սխալներուն անհատնում…

 

Հոգեհանգիստ երազներուն որ վաղորդայն չունեցան

Հանգի՜ստ բոլոր աքլորներուն որ երգեցին շատ կանուխէն եւ այգաբաց չտեսան

Խաչ ու խորա՛ն այն հաւատքին որ աւերակ հին տաճար մ՚է դեռ կանգուն

Խաչահանգի՜ստ այս ցաւերու ծովին վերայ՝ ուր մեր նաւն է կտավ պարցեր անտրտում…

 

 

Արևագալ

 

Քարայրներու մարդն եմ ես

Բազուկներուս ու սրտիս մկանները քարի պէս

Գլուխս պինդ քարի չափ

Քարէն կարծր է կամքս սէգ.

 

Նախ ակռայիս կը զարնեմ - կարծրութիւնը կը  չափեմ

Յետոյ իրար կը բախեմ Արամազդի մը նման

Կայծակնալից թուխպի պէս կայծքարերը թխադէմ

Ու երբ կրակ չեն առներ չոր յարդն ու բուրդն իւղոտած

Հազար անգամ, բիւր անգամ ես կը փորձեմ անձանիր

Քարը քարին կը հարեմ - կայծ ու աստղեր կը հանեմ

Որովհետեւ գիտեմ թէ

Պիտի ըլլայ ի վերջոյ ինչ որ կ’ուզեմ ես այնքան

Եւ անպայման պիտի գայ - լոյս կրակը պիտի գայ:

 

             ***

 

Անտառներու  մարդն եմ ես

բազուկներուս ու կուրծքիս ստեւները զերդ անտառ

Յօնք եւ աչքերս անկէ մութ

Մազ ու մօրուքս անկէ թաւ.

 

Նախ եղունգով կը գծեմ, յետոյ ձեռքով կը պրկեմ

Երբ ճակօսուի, չկոտրի - տոկուն փայտ է այս  -կ’ըսեմ

Կ’առնեմ հատ մ’ալ անոր պէս, մէկը միւսին կը քսեմ

Առտուն կանուխ կը սկսիմ -ամբողջ դնդեր, ջիղ կտրած

Մէկ կետի վրայ օրն ի բուն ես կը բանիմ անվհատ

Եւ անդադար կը շփեմ մինչեւ խանձի հոտն առնեմ

Որովհետեւ գիտեմ թէ

Ցերեկն ինչպէս գիշերին` բոցն ալ ծուխին ետեւէն

Արդարօրէն պիտի գայ - հրաշք բոցը պիտի գայ:

 

             ***

 

Եւ լեռներու մարդն եմ ես

բազուկներուս ու վզիս երակները լերան պէս

Ճակատս վէս կատարն է

Արծուի քիթս ալ` կողւ սեպ.

 

Նախ կը դառնամ դէպի լեռն ու կ’աղօթեմ արեւուն 

Որ կը փթթի օր անոր հրուտ գագաթէն

Կ’երկրպագեմ տաք հողին դեռ շարժերով սարսռուն

Որոտներով դեռ յղի, գրոհերով բեռնաւոր

Յետոյ կ’երթամ լեռն ի վեր դէպի բարձրունքն անմատոյց

Ամպածրար շանթերու, լավաներու անթեղուած

Որովհետեւ գիտեմ թէ

Ով ինչ կ’ուզէ թող ըսէ - ան հրաբուխ մ’է թաքուն

Որմէ միայն պիտի գայ - սուրբ հուրը որ պիտի գայ:

2.4.1961

 

 

Զբօսապտոյտ քերթողագրքից  1978

Կանչ

 

Երբ խումբով

Կը շրջէինք Գեղարդ Գառնի ու Սեւան

կամ Զուարթնոց Օշական

Կը կարծէի ձայներ լսել - ճիչեր կանչեր անձկալի

Հեռուէն հեռու արձագանգող աղաղակներ թախծագին

Որոնք սակայն անպատախան կը մնային ամէնքն ալ...

 

Ինծի այնպէս կը թուէր թէ որբ տղեկ մը իր մայրիկը կը խնդրէ

հայր մը անճար իր աղջիկը կ’որոնէ

կարօտավառ այր մ’իր կնոջ կը ձայնէ

անհամբերող կտրիճ մը սէգ իր սիրելին կը կանչէ...

 

Տարօրինակ էր սակայն  - 

Ամէնուն ալ ձայնը կարծես ողբ մըն էր

Եւ ամէնքն ալ կողմէ կը պոռային մէկ անուն

ան՛ի ան՛ի անի՛ա՛...

Ու պատասխան չէին առներ - եւ կամ թէ ես չէի լսեր ոչ մէկ բան...

 

Իսկ խումբէն

Ոմանք անձայն կուլային...:

12.07.1978

 

 

Կամար

 

Սանդուխէն

Կամաց կամաց կը բարձրանամ առանց որոշ գիտնալու

Թէ վերի ծայրն ի՞նչ բան կը սպասէ...

Յանկարծ շունչս կը բռնուի - սիրտս պահ մը կանգ կ’առնէ - 

Սանդուխէն չէ՛ -  ոչ ալ հովէն որ կ’ապտակէ խստօրէն

Այլ տեսածէս որ կը զարնէ բռունցքի պէս ուղեղիս

Կը զգետնէ զիս գրեթէ...

 

Հարուածին հետ լոյսն ալ մէկէն կը պայթի -

Հիմա յանկարծ կը հասկնամ թէ ինչու

Չարենցն յաճախ կուգար հոս

Ճակատն հովուն սառնաշունչ

Մազերն հովուն սաստկամռունչ - ինքնամոռաց կը կանգնէր

Կը նայեր վար կանանչաւէտ անսահմանին վէտվէտուն

Կը նայէր վեր ճաճանչաւուխտ կատարներուն անմատոյց

Ու կը խոկար ու կ’երազէր ու կը  տեսնէր գուցէ ան

Առաւօտեան մշուշին մէջ լռութեան պէս ծանրացած

Ամբոխներու յառաջընթացն ահեղագոռ երգերով

Որոնք կարծես կ’արձագանգեն իբրեւ քայլերգ կամ շարական վեհապանծ

Մտրակաշաչ այս հովուն մէջ անդադրում...

 

Երբ սանդուխէն կ’իջնեմ վար

Ես ամէն ինչ շփոթ պղտոր կը տեսնեմ

Կ’այրին աչքերս հրավառ

Դէմքս թաց է  - ձեռքերս սառ - սիրտս ալ քար.

- Հովն է հովն է յաւերժական, պատճառն ա՛ն է - կըսեմ ես:

2.12.1978

 

 

Վերազարթնում

 

Հիմա ամէն առաւօտ

Ո՛չ զիլ կանչովն անժամանակ

Աքաղաղին ինքնահաճ

Ո՛ չ ալ զանգովն ամբարտաւավ

Զարթուցիչին խստապահ

Այլ քսանեօթն ու աւելի դարերու

Նայիրեան պարզ ժամացոյցի երգովն անուշ կ’արթննամ...

 

Անցեալ անյուշ տարիներու

Տուայտանքով ու խայտանքով հասունցած

Քնուշ երգով ու անկողինէս երբ կ’ելլեմ

Ես նոյնհետայն

Ամենօրեայ իմ սենեակիս սովորական տախտակներուն փոխարէն

Կամ փափկերես օտարոտի գորգերուն

Ոտք կը դնեմ իմ հեռաւոր քոյրերուս

Ձեռքով բանուած

Երգով հիւսուած

Եւ աչքերուն պայծառ լոյսով նախշուած

Բուրդէ փոքրիկ ածուին

Որ մասնիկ  մ’է  յոյսի, խանդի ու երազի - հոս բերուած

Եւ աչքերուս ու ոտքերուս տակ փռուած

Հայրենական վերածաղկած պարտէզէն:

29.10.1975

 

 

Ամպ ու աւազ ափերուն 1982

 

Հազարաւոր թիթեռնկներ

- գոյները նոյն ձեւերը նոյն 

Հաւաքուեր

Ա՛յս ծառին կամ այն մի՛ւս ծառին են թառեր

Ճիւղերն այնպէ~ս միակտուր ծածկեր են

Որ մինչեւ տերեւներն անոնց տակն են պահուըտեր...

 

Երբ իրական թիթեռնիկ մը` թափառայած հողմավար

Կը տեսնէ ծառն հարսնացած

Պահ մը յանկարծ կը մոռանայ թէ քիչ առաջ

շիրմաքարի մէ’ր թառած

Կը հաւատայ

Թէ ո՛ղջ աշխարհն հարսնետուն մ՛է անսահման'

Ու խայտանքէն խելայեղ

Կը դառնայ պար մը զուարթ...

30.11.1981

 

 

Միայնակ

 

Ով գիտէ ինչ հրաշքով

միլիոնէն մէկ - նոյնիսկ ատկէ ալ նուազ

Կոյր դիպուածին քմայքով

Հովէն քշուած ցանուած հունտէն

Արմատ բռնել

աճիլ

մեծնալ

բարձրանալ

Տարուէ տարի ճիւղաւորուիլ

կանանչագեղ սաղարթներով ծածկուիլ

Ամէն գարնան աւելի  վեր  մագլցիլ

Ամէն աշնան աւելի լայն տարածուիլ

Գլուխ ցցել դէպի ամպերն անծանօթ

Ձեռք երկարել քովիններուն մտերիմ

Սակայն երբեք չողջագուրուիլ

չհամբուրուիլ անոնց հետ

չմիանալ գիրկընդխառն...

Գուցէ դպչիլ - հպիլ միայն

Բայց չհասնիլ ուրիշին...

3.8.1982

 

 

Դիւցազնահանդէս  քերթողագրքից 1984

Սրտագիր

 

Մշուշապատ

Հորիզոնէն նորածագ

Արեւուն շողքը ոսկի

որ մինչեւ

մեր ծովափին կ’երկարի

Ոսկեմելան գրիչով մը ինքնահոս

Ամէն րոպէ դարձեալ գրուող

անմիջապէս սրբուող

յետոյ նորէն կազմուող

Ցուցագիծ մ’է թրթռուն

Ելեկտրասրտագրի

որ պաստառին վրայ ծովուն

Կ’արձանագրէ

Առտու կանուխ արթնացած

տիեզերքի մեծ սրտին

բաբախումներն անհամար

Որոնց հետ 

Կը թրթռան նոյն կշռոյթով

Ամէն անոնք որ կանգնած են

քնաթաթախ յօրանջին մէջ առտուան

Կուրծքը բացած

Նոր օրուան մը անդոհանքին

Դիւթանքին...:

8.8.1983

 

 

Ազատերգութիւն 1993

Այս ծառը սուրբ

 

Ծառ տնկեցէք եղբայրներ
կաղնի սօսի եղեւին
Պարտէզին մէջ – դաշտերուն
Լերան վրայ – ժայռերուն
քարքարուտին ապառաժին
Ձեր թաղարին սովորական
կամ սեղանին ամէնօրեայ
Ծառ տնկեցէք – պիտի բռնէ անպայման –
Ապառաժը երբ փշրուի հող կը դառնայ արդէն, չէ՞…
Թէ թաղարին հողը քիչ է, շա՜տ է կաւը բրուտին.
Սեղանն – ըսես – չոր տախտակ է
կ՛ըսեմ քեզի` առաջ փայտ էր, փայտն ալ ծառ
Ի՞նչ գիտես թէ ցամքած փայտը չ՛արբենար
վրան դրուած շոճիի թարմ աւիշէն
Չի փաթթուիր մատղաշ ու թաց արմատներուն
Ու չի՜ խրեր իր ոտքերն ալ հողին մէջ
ինքն ալ արմատ չի՞ դառնար…
Ծառ տնկեցէք – ո՛ւր ալ տնկէք պիտի բռնէ անպայման…
Դարակուտակ սպասումի ու անհնար ըղձանքի
Հողն է պարարտ – հողն է հպարտ- ջուրն հանդարտ
թափուած արեան եւ արցունքին պէս առատ –
Այս ծառը սուրբ պիտի կանգնի պիտի աճի ուռճանայ
Պիտի երկինք բարձրանայ
Ամէն առտու այգաբացին ստուերն անոր պիտի հասնի մեծ լերան
Շուք պիտի տայ արեւափառ ոսկեծածան հանդերուն
Հազար բարեւ ու բիւր բարիք պիտի առնէ ամպերէն
որոնք կուգան աշխարհի չորս ծագերէն
ու կը շոյեն սաղարթն անոր մշտադալար – ալեւոր…
Օ՜ տնկեցէք
Ամուր ձեռքով խնամեցէք
զարդարեցէք
պաշտպանեցէք
պաշտեցէք
Ազատութեան ծառն է այս …:

 

 

Դրոշ

 

Այս դրօշը

ոչ մէկ երկրի

ոչ մէկ ազգի

ոչ մէկ ցեղի կը պատկանի

Այս դրօշը որ փռուած է

երկրագունտի այս բախտաւոր մասնաբաժնի երեսին

Հաւասար է բոլորին

Սեփական է ամէն մէկուն յատկապէս

Եւ ոչ մէկը կարիք կը զգայ զայն ուրիշէն կորզելու

անոր համար կռուելու

անոր համար - կամ ուրիշին - մեռնելու.

 

Երբ մեռնին

Միակ փափաք մը ունին - Այդ դրօշը անսահման

ինչպէս տասնեակ միլիոններ

ծածկէ նոյնպէս եւ զիրենք

ինչպէս օթոց վերջնական

 

Ըլլայ կանանչ

բայց ո՛չ կանանչը կեռ թուրին մանգաղաձեւ մահակին

այլ մարգերուն նոր ծիլ տուած տերեւներուն

գարնանային անդերուն

Եւ սրճագոյն

լաւ աղացուած սուրճի նման

տուրմի նման անուշ կակուղ ու գիծ գիծ

ակոս ակոս հերկուած

Ու դեղին

աւելի ճիշտ ոսկեգոյն

մազերուն պէս ալիք ալիք հողմածածան հերարձակ

Այ աննման աղջկան

որ կուրծքը բաց

մէկ ձեռքին սուր, միւսին հաց

Կ’առաջնորդէ ամբոխները սրարբած:

12.8.1985 Փարիզ

 

 

Դաշտը անտեր

 

Կը սպասէ

Դաշտը ծարաւ

Յագենալու կը սպասէ

Մինչ անդին

Ամբարտակը կ՛ուռի ջուրով բանտուած.

 

Կը սպասէ

Դաշտը կարօտ

Ողողուելու կը սպասէ

Մինչ անդին

Գետը քամուող երակի պէս կը հիւծի.

 

Բարձրերէն

Հայրենական հոծ լեռներու գագաթներէն լուսափառ

Կ’իջնեն ուղխեր հսկաներու արցունքին պէս յորդաբուխ

Կ’ըլլան վտակ, կ’ըլլան առու բիւրաւոր

Որ կը թափին կը կուտակուին կը լեցնեն ջրաթումբը ջլապիրկ

Ու լը ճնշեն ահաւոր

Ինչպէս գաղտնի արտասուքը որ դէպի ներս կը հոսի

Կ’ուռեցնէ սիրտը անզօր կալանաւոր կտրիճին.

 

Հեռուներէն

Պապենական սուրբ հողերու ընդերքէն 

Կանխաւ ծախուած քրտինքնի պէս թորուող ծորող ակերու

Ի զուր հեղուած արիւնի պէս պազող ժայթքող աղբւիրներու ջուրերէն

Ծնունդ առած գետը պղտոր կը բաժնուի երակ երակ ճիւղ առ ճիւղ

Ու կ’երթայ

Արհեստական ուղիներով օտարներու արտն ու այգին ջրելու

Կը տարածուի կը հեռանայ կը ճահճանայ կը ծիւրի

Մինչեւ իյնայ համայնակուլ ովկիանին վիհը մութ.

 

Մինչդեռ դաշտը

Մէկէն միւսէն - կամ երկուքէն միասին

Հեղեղուելու

Ողողուելու

Գրաւուելու

կւ սպասէ:

bottom of page